Տիգրան Բարսեղեան շարուանկեց իր արդիւնաւէտ մրցումներու շարքը Սլովաքիոյ ախոյեանութեան: Հայ միջնապահ Սլովան Պրաթիզսլաւայի հետ կոլ նշանակեց յաջորդական իր երրորդ մրցումին:
Սլովաքիոյ ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանին, Սլովան, որ արդէն իսկ ախոյեանութիւնը կրցած էր շահիլ, 2-1 արդիւնքով յաղթեց Փոտպրեզովայի դաշտին վրայ:
Բարսեղեան իր աւելի «տկար» աջ ոտքով կրցաւ նշանակել Սլովանի հաւասարութեան կոլը: 32 տարեկան մարզիկի 3-րդ կոլն էր ասիկա վերջին 3 մրցումներուն:
Ռուսիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի յառաջապահի Արթուր Ղարիբեան իր ակումբին` Ռոտինայի հետ կոլ մը նշանակեց ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանին Չելիապինսքիի դէմ մրցումին:
Ղարիբեան պահեստի աթոռներուն վրայ սկսաւ իր մրցումը եւ 83-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ: 89-րդ վայրկեանին ան ճիշդ պահուն ճիշդ դիրքին վրայ էր եւ նշանակեց կարեւոր կոլ մը:
Ասիկա Ղարիբեանի համար այս տարեշրջանի 6-րդ կոլն էր: Աւելի կանուխ ան կոլեր նշանակած էր Քոսթրոմայի Սպարտակ ակումբին հետ, իսկ այս կոլը առաջինն էր Ռոտինայի շապիկով:
Այս յաղթանակը պատմական եղաւ Մոսկուայի ակումբին համար, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ բարձրագոյն դասակարգ: Ռոտինայի հետ Ֆաքել ակումբն ալ շահեցաւ բարձրագոյն դասակարգ բարձրանալու իրաւունքը: Գերմանիոյ մէջ, «Պունտըսլիկա»-ի Բ. դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի յառաջապահ Հրանդ Լէոն Ռանոս մասնակցեցաւ Այնթրախթ Պրաունշվայկի մրցումին, որ իր դաշտին վրայ յաղթեց Տրեստենին 2-1 արդիւնքով:
Տիամօ Տրեստենի դէմ այս յաղթանակը շատ կարեւոր էր Պրաունշվայկի համար, որ ապահովեց իր դիրքը Բ. դասակարգին մէջ:
Այս ելոյթը Ռանոսի 11-րդն էր Պրաունշվայկի հետ, բայց ան տակաւին չյաջողեցաւ կոլ նշանակել: