Հայ մարտիկ Արէն Յակոբեան կարեւոր յաղթանակ տարաւ Տաշքենտի մէջ տեղի ունեցած «Էյ. Սի. Էյ. 203» մրցաշարքին:
Թեթեւագոյն կշիռի մրցումներուն, Յակոբեան 5 ռաունտէն ետք միաձայն որոշումով յաղթեց Ազամ Գաֆորովին:
Իրաւարարները յաղթանակը տուին Յակոբեանին 50-45, 49-46 եւ 49-46 արդիւնքով: Արէն Յակոբեանի համար ասիկա եղաւ յաջորդական 8-րդ յաղթանակը:
Մենամարտը հիմնականին մէջ անցաւ ոտքի: Բացառութիւն էր միայն 5-րդ ռաունտին մէկ հարուածը, ուր Յակոբեան աւելի արագ էր մրցակիցէն եւ պարբերաբար Գաֆորովին կը դիմաւորէր դիպուկ հակայարձակումներով եւ հարուածներով:
Պէտք է ըսել, որ Յակոբ շատ աւելի կը տիրապետէր եւ կրցաւ իր ամէնէն կարեւոր յաղթանակը արձանագրել, որ զինք ախոյեանութեան տիտղոսակիր Անաթոլի Քոնտրաթեւի դէմ տիտղոսի մրցումի հաւանական թեկնածուի դիրքի վրայ դասեց: