2026-ի Մոնտիալ. Պոյքո՞թ… Իրան Պայմաններ Կը Թելադրէ

Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մեհտի Թաժ յայտարարեց, որ հանդիպում պիտի ունենայ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինոյի հետ: Ան հանդիպումի ընթացքին յարգալից վերաբերմունքի երաշխիքներ պիտի պահանջէ 2026-ի Մոնտիալին ժամանակ:

Աւելի կանուխ կը հաղորդուէր, որ Միջին Արեւելքի հակամարտութեան սուր պայմաններուն մէջ եւ անոնց հետեւանքով ամերիկացիներուն պարզած իրավիճակին պատճառով Իրանի ազգային խումբը կրնայ հրաժարիլ մրցաշարքին մասնակցելէ:

«Մենք ՖԻՖԱ-ին կը ներկայացնենք մեր ակնկալիքները: Եթէ անոնք կարենան բաւարարել մեզի, մենք անպայման կը մասնակցինք Մոնտիալին: Բայց եթէ երաշխիքներ չըլլան, եւ անոնք մեր նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունք ցուցաբերեն ու նոյնիսկ մեր ֆութպոլիստներուն անտեղի հարցեր տան, մենք կրնանք այլ որոշում տալ: Մեր ազգային խումբը ոչ թէ պարզապէս կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, այլ կը մեկնի Մոնտիալ խաղալու: Ուստի ՖԻՖԱ-ի կանոնագիրին համաձայն, հիւրընկալող երկիրներու կառավարութիւնները պարտաւոր են ապահովել անհրաժեշտ պայմաններն ու տրամադրել անձնագիրներ` հաշուի չառնելով քաղաքական նկատառումներ կամ դրդապատճառներ», ըսաւ Թաժ Ռոյթըրզի:

Նշենք, որ 2026-ի Մոնտիալի առաջին հանգրուանին, Իրանի հաւաքականը պէտք է մրցի Նոր Զելանտայի, Պելճիքայի եւ Եգիպտոսի դէմ: Այս խմբակի բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու մէջ:

 

Leave a Comment