Պորուսիա Տորթմունտի յետսապահ Նիքլաս Զուլէ յայտարարեց, թէ 30 տարեկանին կը լքէ արհեստավարժ ֆութպոլի իր ասպարէզը:
Ըստ Զուլէի, ինք այս որոշումը տուած է 18 ապրիլին, Հոֆենհայմի դէմ (1-2) մրցումին ծունկէն վիրաւորուելէ ետք յառաջացած իր զգացումներէն ետք:
«Այս ամրան կ՛աւարտեմ իմ ֆութպոլիստի ասպարէզս, մեր բժիշկը հանդերձարանին մէջ քննեց զիս, նայեցաւ մարձող բժիշկին եւ գլուխը օրօրեց: Ես գացի ցնցուղ ընդունելու եւ մօտ 10 վայրկեան ետք լալու սկսայ, մանաւանդ որ ծունկի ետեւի խաչաձեւ կապը կրկին կոտրած էր: Յաջորդ օրը բժշկական քննութեան գացի եւ լուրերը ստացայ… Ինծի համար 1000 տոկոս պարզ դարձաւ, որ վերջ… ամէն ինչ աւարտած է: Չէի կրնար աւելի վատ բան պատկերացնել, քան սպասել ապրելու, անկախ ըլլալու, արձակուրդի երթալու, երեխաներու հետ ժամանակ անցընելու կարելիութիւն ունենալու որպէսզի յետոյ միայն այդ բանին համար երրորդ անգամ կտրեմ այդ կապերը», ըսաւ Զուլէ:
Նշենք, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Զուլէ խաղցած է Հոֆենհայմի, Պայերն Միւնիխի եւ Տորթմունտի ակումբներուն հետ: Ան ակումբներու մակարդակով նուաճած է 14 տիտղոս, որոնց կարգին` 5 «Պունտըսլիկա»-ի տիտղոս եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոս մը: Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ ան կատարած է 49 մրցում եւ նշանակած է 1 կոլ: