Հայաստանի ճատրակի տղոց խումբի առաջին դիրքը գրաւող Հայկ Մարտիրոսեան «Սարտինիա Ուորլտ Չես Ֆեսթիվըլ»-ի մրցաշարքի առաջին դիրքէն ետ կը մնայ կէս կէտով:
Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող միջազգային այս մրցաշարքին, 5-րդ հանգրուանէն ետք Հայկ Մարտիրոսեան 4 կէտ ունի եւ կէս կէտով ետ կը մնայ առաջին մարզիկներէն:
Նոյնպէս 4 կէտ ձեռք ձգած է նաեւ Էմին Օհանեան, մինչ Մամիկոն Ղարիբեան 3,5 կէտ կրցած է վաստկիլ:
Միջազգային այս մրցաշարքին կը մասնակցին 160 վարպետներ, որոնք կը խաղան զուիցերիական խաղաոճով, որ կը բաղկանայ 9 հանգրուաններէ: