Ծանրաբարձութիւն. Էմմա Պօղոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի ծանրաբարձութեան աղջկանց հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի ախոյեան Էմմա Պօղոսեան դարձաւ աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:

Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով, աղջկանց 86 քկ կշիռի մրցումներուն Էմմա Պօղոսեան արաշէի մրցումներուն 103, 106 եւ 109 քկ կրցաւ բարձրացնել յաջողութեամբ: Ան էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 137 եւ 144 քկ կրցաւ բարձրացնել: Երկամարտի 253 քկ արդիւնքով Էմմա Պօղոսեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:

Տղոց 94 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վալերիկ Մովսիսեան արաշէի մրցումներուն կրցաւ 160 եւ 164 քկ կշիռ բարձրացնել` ձեռք ձգելով փոքր պրոնզ մետալ: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան ձախողեցաւ յաջող ձեւով բարձրացնել որեւէ կշիռք եւ դուրս մնաց մետալի պայքարէն:

 

Leave a Comment