Մոսկուա. «Ռուսական Դիրքորոշումը Յստակ Է Եւ Ազնիւ. Մենք Շահագրգռուած Ենք Ուժեղ, Կայուն Եւ Իսկապէս Գերիշխան Հայաստանով»

Ռուսական դիրքորոշումը յստակ է եւ ազնիւ. մենք շահագրգռուած ենք ուժեղ, կայուն եւ իսկապէս գերիշխան Հայաստանով: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին յայտնած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքէն:

Բաժանմունքէն յայտնած են, որ Եւրոպական Միութիւնը կը միջամտէ Հայաստանի ընտրական գործընթացին` պատճէնելով նախապէս Մոլտովայի մէջ փորձարկուած մեքանիզմներն ու ճարտարագիտութիւնները:

«Ճիշդ այդպէս ալ մենք կ՛ընկալենք Եւրոպական Միութեան պարտադրուող աշխուժութիւնը հայկական ուղղութեամբ: Հայաստան այսպէս կոչուած գործընկերային առաքելութեան, ինչպէս նաեւ խառնածին սպառնալիքներու դէմ պայքարի արագ արձագանգման խումբի գործուղումը` Պրիւքսելի նման գործողութիւնները 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին, ոչ այլ ինչ են, քան այդ երկրի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ: Ատոր համար Եւրոպական Միութիւնը իբրեւ պատճէն կ՛օգտագործէ այն մեքանիզմներն ու ճարտարագիտութիւնները, որոնք մշակուած են Մոլտովայի մէջ նախորդ ընտրապայքարներու ժամանակ», յայտարարած են նախարարութենէն:

«Մոսկուա կը տեսնէ, որ Երեւանի մէջ յօժարակամ կ՛ընդունին եւրոպացիներու աջակցութիւնը», աւելցուցած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«Յոյս ունինք, որ հայկական ղեկավարութիւնը չի մոռնար, որ Պրիւքսելի մէջ ամէն ինչ իր գինը ունի: Այլ երկիրներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ Արեւմուտքի հետ նման սիրախաղերը հազուադէպ կերպով լաւ կ՛աւարտին այն պետութիւններուն համար, որոնք կը ներգրաւուին անոնց մէջ: Օրինակ` Պրիւքսելի հակառուսական օրակարգին միանալով», ըսած են դիւանագէտները:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ ի տարբերութիւն որոշ արեւմտեան գործընկերներու, Ռուսիան Երեւան չի բերեր  ապագայի պատրաստ բեմագրութիւններ եւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը չի պայմանաւորեր ընտրութիւններու արդիւնքներով:

«Ռուսական դիրքորոշումը յստակ է եւ ազնիւ. մենք շահագրգռուած ենք ուժեղ, կայուն եւ իսկապէս գերիշխան Հայաստանով, որ ունակ է ինքնուրոյն կառուցելու իր քաղաքականութիւնը եւ որոշելու իր զարգացման ուղղութիւնը», ըսած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

 

Leave a Comment