Ազրպէյճան Սադրիչ Կը Համարէ Արցախի Մասին Պարրոյի Յայտարարութիւնը

Ազրպէյճան սադրիչ նկատած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրոյի Արցախի մասին յայտարարութիւնը:

«Այն ժամանակաշրջանին, երբ միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան սեփական գերիշխան տարածքներու մէջ Ազրպէյճանի կատարած արդար պատերազմէն ետք շրջանին մէջ պայմաններ ստեղծուած են կայուն խաղաղութեան համար, մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք ֆրանսական կողմի նման սադրիչ յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի տակ կը դնեն սեփական տարածքներու նկատմամբ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանութիւնը:

«Ֆրանսացի նախարարը, անտեսելով հայկական բռնագրաւումի ժամանակաշրջանին ազրպէյճանական տարածքներու մէջ հարիւրաւոր մզկիթներու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ նմուշներու աւերման փաստը, կը մեկնաբանէ բռնագրաւումի ժամանակներէն մնացած որոշ շինութիւններու քանդման հարցը եւ տեղին չի նկատեր յղում կատարել ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանին մէջ քննուող հոլովոյթին: Ասիկա երկակի մօտեցման վառ օրինակ է:

«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գնահատող առաքելութիւն «Ազրպէյճանի ղարաբաղեան շրջան» ուղարկելու վերաբերեալ Ֆրանսայի կոչերը իրականութեան ակնյայտ խեղաթիւրում են: Ինքնին Ազրպէյճանը բազմիցս կոչ ուղղած է իրականացնելու նման գնահատող առաքելութիւններ, սակայն, ցաւօք, անոնց կատարումը անկարելի դարձած է խոչընդոտներու իբրեւ արդիւնք ինքնին այնպիսի երկիրներու կողմէ, ինչպիսիք են Հայաստանն ու Ֆրանսան: Ինքը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, հաստատած է այս փաստը իր 2005 թուականի զեկուցումին մէջ: Ֆրանսացի նախարարի նման յայտարարութիւնները չեն ծառայեր շրջանին մէջ կայուն եւ իսկական խաղաղութեան կառուցման», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

 

 

Leave a Comment