Ռէալ Մատրիտ ակումբի հարցերը զարմանալիօրէն կ՛աւելնան: Շաբաթէ մը ի վեր նիւթեր շրջան կ՛ընէին, թէ Քիլիան Էմպափէ, որ այժմ վիրաւոր է, արձակուրդ առած էր իր նոր բարեկամուհիին հետ եւ նաւով պտոյտի գացած էր փոխանակ հանգիստ ընելու եւ դարմանուելու: Համակիրներ մինչեւ միլիոն ստորագրութիւն հաւաքած էին զայն «ծախելու» առաջարկով: Իբրեւ թէ Էմպափէ ակումբին սիրոյն չէ, որ կը խաղայ, հակառակ անոր որ ինք յայտնած էր, թէ նախկին մարզիչ Չապի Ալոնսոյի մեկնելէն վշտացած էր` այպանելով կարգ մը խմբակիցներ, որոնց բողոքներէն եւ դժգոհութիւններէն ետք միայն Ալոնսօ գործէ արձակուած էր:
Այս բոլոր նիւթերէն աւելի վատ բան մը պատահեցաւ հինգշաբթի օր: Արդարեւ, Ռէալ Մատրիտ, որ կը պատրաստուի կիրակի օրուան «Քլասիքօ» մրցումին` Պարսելոնայի դէմ, չորեքշաբթի օրուան փորձին մանր հարցի մը պատճառով ֆրանսացի միջնապահ Օլելիեն Չուամենի քիչ մը կարծր թաքըլ կատարած էր իր խմբակից ուրուկուէյցի Ֆետերիքօ Վալվերտէի վրայ: Վերջինս իր կարգին հարուած մը տուած էր Չուամենիի, բայց մարզիչ Արպելոա անմիջապէս հանդարտեցուցած էր մթնոլորտը:
Հինգշաբթի առաւօտ Չուամենի փորձը չսկսած ձեռքը երկարած էր Վալվերտէի, որ չէր ընդունած բարեւը:
Մարզիչ Արպելոա մթնոլորտը «շտկելու» համար երկու մարզիկներն ալ նոյն խումբէն դրած է, որ շաղուին իրարու հետ: Փորձէն ետք սկսած է իսկական ծեծկռտուք, բոլոր մարզիկները ստիպուած եղած են միջամտելու: Այդ պահուն Վալվերտէ գետին ինկած պահուն գլուխը զարկած է սեղանին եւ իր ուշքը կորսնցուցած: Լուրջ վիրաւորուած մարզիկը գլխաւոր մարզիչ Արպելոայի հետ անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր կարեր ստանալէ ետք ուրուկուէյցի մարզիկը տուն հասցուցած են:
Այս դէպքէն ետք, Ռէալ Մատրիտ որոշած է պատժել երկու մարզիկներն ալ: Այժմ հարցական է անոնց մասնակցութիւնը կիրակի օրուան «Քլասիքօ»-ին, ինչպէս նաեւ խումբի մթնոլորտին վերականգնումը այս ձեւի անախորժ դէպքերէն ետք: