Ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ հետաքրքրական իրադարձութիւն մը, որուն բաւարար ձեւով ուշադրութիւն չի դարձուիր: Արդարեւ, 2022-էն ի վեր տեղի կ՛ունենայ 75 տարեկանէն վար մոնտիալը, որուն կը մասնակցին ազգային խումբեր, որոնք բաւարար թիւով մարզիկներ ունին:
Գաղափարը սկսած էր 2017-ին, եւ այն ժամանակ մրցաշարքին մասնակցած էին 70 տարեկանէն վեր ազգային խումբեր, իսկ 2022-ին 75 տարեկանէն վեր մարզիկներու մոնտիալը սկսաւ Դանիոյ մէջ:
Վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին գերմանացի մարզիչ-մարզիկ Կիւնթեր Քրիսթման (79 տարեկան) հաճելի… քիչ մըն ալ տխուր պատասխան տուաւ, երբ իրեն հարցում ուղղուեցաւ, թէ ինչո՞ւ ամէն տարի տեղի կ՛ունենան այս մրցումները, փոխան 4 տարին անգամ մը: Ան ըսաւ. «Ամէն տարի մոնտիալ է, որովհետեւ որեւէ մէկը չի գիտեր, եթէ ողջ կը մնայ յաջորդ մոնտիալին»:
Քրիսթմանի խմբակից Քլաուս-Եուրկեն Վոլֆ ութ ամիսներ առաջ սրտի կաթուած անցուց, բայց մոնտիալ խաղալու եւ յաղթելու գաղափարը զինք զօրացուց: «Ան մեր կոլ-սքորըրն է… դաշտին վրայ մենք կը մոռնանք ամէն ինչ… մեր տարիքին չենք կրնար 4 տարի սպասել յաջորդ մոնտիալին համար», աւելցուց Քրիսթման:
Նշենք, որ մրցումները սովորական դաշտէ փոքր դաշտի վրայ տեղի կ՛ունենան 8 ընդդէմ 8 մարզիկներու:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ կապ չունին մարզիկները, եւ պարզապէս ուրախութիւն, առողջութիւն եւ բարեկամութիւն ստեղծելու համար է այս ձեւի մոնտիալը:
2025-ին ախոյեանն էր Գերմանիա, որ Ճափոնի մէջ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Անգլիոյ:
2024-ի ախոյեան դարձած էր Անգլիա, որ փենալթիներով կրցած էր յաղթել Կալեսին:
Անգլիա 3-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք ստացած էր 3 կոլ, որոնց վերջինը` մրցումի վերջին վայրկեանին:
Այս տարուան մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին, Աւստրալիոյ մէջ, ուր պիտի մասնակցին 10 խումբեր: