Հայաստանի ճատրակի տղոց լաւագոյն դասուած մարզիկը` Հայկ Մարտիրոսեան «Սարտինիա Ուորլտ Չես Ֆեսթիվըլ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի առաջնակարգ դիրքերը կը գրաւէ:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող միջազգային 4 հանգրուաններէն ետք Հայկ Մարտիրոսեան 3,5 կէտեր ձեռք ձգած է եւ լաւագոյն մարզիկներու կարգին է:
Մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Մամիկոն Ղարիբեան եւ Էմին Օհանեան: 2,5 կէտեր ձեռք ձգած են անոնք, մինչ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Սարգիս Մանուկեան ունի 1,5 կէտ:
9 հանգրուաններէ բաղկացած զուիցերիական օրէնքներով այս միջազգային մրցաշարքին կը մասնակցին 160 ճատրակի վարպետներ: