Հայաստանի հաւաքականի անդամ Աննա Ամրոյեան յաջողութեամբ բարձրացուց 100, 104 եւ 106 քկ արաշէի մրցումներուն, աղջկանց 77 քկ կշիռի կարգին մէջ` ապա էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան 128, 132 եւ 134 քկ յաջողութեամբ բարձրացնելէ ետք դարձաւ աշխարհի անգերազանց երիտասարդներու ախոյեան:
Ծանրաբարձութեան երիտասարդական տղոց հաւաքականի անդամները կը շարունակեն իրենց ելոյթները աշխարհի ախոյեանութեան:
Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող ախոյեանութեան, 79 քկ կշիռի ծանրաբարձերու մրցումներուն, Նարեկ Մկրտչեան արաշէի մրցումներուն բարձրացուց 145 եւ 150 քկ: Ան էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն բարձրացուց 182 եւ 186 քկ ծանրութիւն եւ շահեցաւ փոքր պրոնզ մետալ:
Երկամարտի 336 քկ արդիւնքով Նարեկ Մկրտչեան դարձաւ աշխարհի փոխախոյեան եւ շահեցաւ մեծ արծաթ մետալ:
71 քկ կշիռի ծանրաբարձերու մրցումներուն, Նարեկ Գրիգորեան արաշէի մրցումներուն 144 քկ ծանրութիւն բարձրացուց եւ շահեցաւ փոքր ոսկի մետալ: Սակայն էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն հայ մարզիկը վիրաւորուեցաւ, չկրցաւ արդիւնք ձեռք ձգել եւ դուրս մնաց երկամարտի մետալներու պայքարէն:
Նոյն կշիռի մրցումներուն, Յովհաննէս Յովհաննիսեան արաշէի մրցումներուն 171 քկ բարձրացուց եւ ձեռք ձգեց փոքր արծաթէ մետալ: Երկամարտի 301 քկ արդիւնքով ան գրաւեց 4-րդ դիրքը եւ փոքր տարբերութեամբ կորսնցուց պրոնզ մետալը:
Աշխարհի ախոյեան դարձաւ Ֆիլիփեան կղզիներու ներկայացուցիչ Տելոս Սանթոս, որ երկամարտի 326 քկ արդիւնք ձեռք ձգեց: Ան էփոլէ-ժըթէի նոր մրցանիշ ձեռք ձգեց` 187 քկ բարձրացնելով: Այս կշիռքը մեծերու մակարդակի կշիռ է: