Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի որդին` Խալիլ Աունը:
Նախարարը իր հիւրին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը, լիբանանեան մարմնակրթութեան իրավիճակը, մասնաւորաբար երկրին գտնուած դժուար պայմաններուն լոյսին տակ:
Պայրագտարեան Խալիլ Աունին ներկայացուց անցնող շրջանին նախարարութեան կատարած աշխատանքն ու ստացած դրական արդիւնքները, ինչպէս նաեւ այն ծրագիրները, զորս պատրաստած էր, սակայն տիրող կացութիւնը անոնց գործադրութեան արգելք հանդիսացաւ, սպասելով պատերազմի աւարտին, որպէսզի ամէն բան իր բնականոն հունին վերադառնայ: