Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Հայաստանը կը ներքաշուի Եւրոպական Միութեան «հակառուսական ուղեծիր»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Նման ուղղութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ Հայաստանի համար բացասական քաղաքական եւ տնտեսական հետեւանքներու», ըսած է ան:
Զախարովա նաեւ ակնարկած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութեան` Մոսկուա կատարած այցելութեան ժամանակ փակ բանակցութիւններու բովանդակութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ արձանագրութիւններ կան:
«Կը յիշեմ, որ Ալեն Սիմոնեանի հետ եկած հայկական պատուիրակութիւնը զրոյցի ձայնագրութիւն կը կատարէր: Թերեւս անոնք պատմեն, թէ Ալեն Սիմոնեանը ի՛նչ ըսած է, ներառեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ», նշած է Զախարովա` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու: