Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա վերջերս իր ապագային գծով կարգ մը մանրամասնութիւններ յայտնեց, մանաւանդ որ շշուկներ կան, թէ ան հաւանաբար լքէ Սիթին այս տարեշրջանի աւարտին:
Կուարտիոլայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2027-ի յունիսին, եւ ան նախապէս փափաք յայտնած էր մարզելու ազգային խումբ մը գլխաւոր մրցաշարքի մը, ինչպէս Իտալիան, որ կապի մէջ մտած է ձեռք ձգելու սպանացի մասնագէտը:
Սիթի կը մտածէ մարզիչը փոխել եւ նոյնիսկ կապի մէջ մտած է Չելսիի նախկին մարզիչին Էնցօ Մարեսքայի հետ, որպէսզի եթէ Կուարտիոլա լքէ խումբը, անմիջապէս Մարեսքան փոխարինէ զինք:
Պեռնարտօ Սիլվա եւ Ճոն Սթոնզ արդէն իսկ պիտի լքեն Սիթին այս ամրան, եւ Կուարտիոլա կրնայ ըլլալ յաջորդ մեկնողը, մանաւանդ որ վերջինս վստահ չէ, թէ պիտի մնայ կամ ոչ:
«Եթէ սքանչելի մթնոլորտ չունենամ, նոյնիսկ եթէ 10 տարի մնամ, նոյնիսկ եթէ տիտղոսներ շահիմ, պիտի լքեմ: Այժմ շատ աւելի կը զգամ… չեմ գիտեր` ուրախ կամ ոչ, շատ աշխուժ կը զգամ, ես ինծի լաւ վիճակի մէջ կը զգամ նոյնիսկ գալու եւ արձակուրդի օրերուս աշխատելու: Սիրեցի, երբ Կիւնտօ (Իլքայ Կիւնտողան) վերադարձաւ Պարսելոնայէն` ըսելով, որ Սիթին սքանչելի է… գիտէք, երբ այդ մէկը լսես, լաւ բան է: Վերջին 12-14 տարիներուն մեր կայունութիւնը «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ: Այդ պատճառով մենք միշտ ալ կը պայքարինք տիտղոսներու համար… մեր կայունութիւնը թաքթիքով, խաղաձեւով, մարզիկներով, մարզիչներով: Փուչիկի մը նման է, որ բոլորը ուրախ կը պահէ», ըսաւ Կուարտիոլա:
Կուարտիոլա 2016-ի յուլիսին միացաւ Մանչեսթըր Սիթիին, եւ այս վերջինս իր պատմութեան լաւագոյն ժամանակաշրջանը կ՛անցընէ:
Ան կը նկատուի պատմութեան լաւագոյն մարզիչներէն մէկը, եւ եթէ լքէ «Փրեմիեր լիկ»-ը, այդ մէկը կրնայ ծանր ազդել խումբին վրայ, եւ ան կրնայ կորսնցնել յաջող մարզիչ մը: