Ալեքս Զանարտի Ոչ Եւս Է – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

«Ֆորմիւլա 1»-ի նախկին վարորդ Ալեքս Զանարտի, որ Քարթինկի (նախապէս Ինտիքար) ախոյեան ալ դարձած է երկու անգամ, ինչպէս նաեւ 2001-ի արկածէն ետք կորսնցուցած է իր երկու սրունքները` աւելի ուշ շահելով 4 ոսկի մետալներ Հաշմանդամներու ողիմպիական մրցումներուն (ձեռքով հեծանիւի), 59 տարեկանին մահացաւ:

2001-ին ան մահէ փրկուած էր, երբ Քարթինկի մրցումին իր ինքնաշարժը երկուքի բաժնուած էր:

2004-ին ան գիրք մը հրապարակած էր` յիշելով. «Ինքնաշարժէն մաս մը հետս մնաց, մինչ ինքնաշարժի միւս բաժինը այլ տեղ գնաց` իմ անդամներս ալ մէջը…»:

Զանարտի հիւանդանոց հասած էր միայն 1 լիթըր արդիւնքով, սիրտն ալ 3 անգամ կանգ առնելէ ետք վերաբուժութեան ենթարկուած էր:

6 շաբաթ ետք ան սկսած էր արհեստական ոտքերով քալել սորվիլ:

Մօտ 2 տարի ետք, մասնաւոր պատրաստուած ինքնաշարժով ան վերստին նստած էր ինքնաշարժի մէջ` աւարտելու իր վերջին 13 շրջանները, զորս… ձախողած էր աւարտել արկածին պատճառով:

Յայտարարելով, որ այդ արկածը առիթ մըն էր վերստին սկսելու, ան 2003-էն 2009 «Պի. Էմ. Վէ.» ինքնաշարժ վարեց ինքնաշարժի մրցումներու ախոյեանութեան մասնակցելով` շահելով 3 մրցումներ: Ան 2014-ին սփրինթի մրցումներու ալ մասնակցեցաւ, եւ յունուար 2019-ին 24 ժամ Տէյթոնա մրցումին մասնակցեցաւ:

Ան 2007-ին իբրեւ հիւր հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու մարաթոնի մրցումի մը, բայց որոշեց մասնակցիլ ձեռքով հեծանիւի մրցումին:

3 շաբաթ մարզուելէ ետք ան իրապէս մասնակցեցաւ եւ գրաւեց 4-րդ դիրքը: Ասիկա նոր հանգրուան մըն էր Զանարտիի համար, որ աւելի ուշ Վենետիկի, Հռոմի եւ Նիւ Եորքի մարաթոններուն ալ մասնակցեցաւ եւ շահեցաւ:

Ան երկու ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալ ալ շահեցաւ 2012-ի Լոնտոնի եւ 2016-ի Ռիոյի Փարալիմփիք խաղերուն:

Զանարտի լաւ օրինակ մըն էր իսկական մարզիկի մը, որ ամէն դժուարութենէ դուրս կու գար յաղթական: «Ես շատ ուրախ կեանք ունիմ, եւ այդ մէկը կապ ունի իմ կատարած լաւ բաներուս հետ` իմ նոր կացութեամբս»:

Ան քաջալերող դասախօս էր, եւ իր կեանքի փորձառութիւնը կ՛օգնէր աւելի եւս առջեւ երթալու:

2020-ին ան նոյնիսկ արկած մը ունեցած էր իր հեծանիւով եւ ամիսներով մահաքունի մէջ մտած էր:

 

Leave a Comment