Այսօր «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականի իր դարձի մրցումին, Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենը: Անցեալ շաբաթ օր Փարիզի մէջ ֆութպոլի պատմական օր մըն էր, ուր «զուտ յարձակողական» գեղեցիկ մրցումի մը, Փարիզի ակումբը 5-4 արդիւնքով կրցաւ յաղթել երթի ճակատումին:
Երկու խումբերն ալ շատ լաւ յառաջապահ գիծ ունին, բան մը, որ ճնշումը կը դնէ պաշտպաններուն եւ բերդապահներուն վրայ: Պայերն Միւնիխ 75 հազար համակիրներու ներկայութեան վստահաբար պէտք պիտի ունենայ «Ալիանց Արենա»-ի քաջալերանքին` դուրս ձգելու համար Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Երթին պահ մը Պայերն «յանձնուած» կը թուէր, երբ ստացաւ 5-րդ կոլը, եւ արդիւնքը բարձրացաւ 5-2-ի, բայց կարճ ժամանակէն ան կրցաւ փոխադարձել` 2 կոլ նշանակելով: Բայց եթէ պատմութեան նայինք, երթին կրած պարտութիւնը ի վնաս Պայերնին եղած է, որ իր վերջին 8 ելոյթներուն, երբ երթին պարտուած է, դուրս մնացած է: Սակայն Վենսան Քամփանիի մարզած գերմանական ակումբը իր դաշտին վրայ շատ լաւ մրցանիշ ունի` միայն 1 անգամ պարտութիւն կրելով «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով վերջին 29 ելոյթներուն: Այս տարեշրջանին ալ ան իր 6 մրցումներուն կրցած է յաղթել իր դաշտին վրայ` 4 կոլ նշանակելով ամէն անգամ:
Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ մէկ կոլի առաւելութիւն պիտի փորձէ պահել, պիտի փորձէ դառնալ առաջին ֆրանսական ակումբը, որ 3 անգամ կը հասնի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական, եւ լաւ դիրքի վրայ կը գտնուի, մանաւանդ որ ան իր վերջին 16 «Չեմփիընզ լիկ»-ի նաք-աութի մրցումներուն 13-ը կրցած է յաղթել: Պայերնի նման Սեն Ժերմեն իր կարգին հաւասարութիւն արձանագրած էր իր վերջին մրցումին (ախոյեանութեան գծով), բայց «Չեմփիընզ լիկ»-ի այս տարեշրջանի առաւելագոյն կոլեր նշանակող (43 կոլ) խումբը պիտի փորձէ այսօր ինքզինք գտնել եւ 3-րդ անգամ ըլլալով գերմանական ակումբի դաշտին վրայ յաղթել: Փարիզեան ակումբը կրցած է երթին 1 կոլի իր առաւելութեամբ յաղթելով 17 մրցումներէն 14-ն յաջողութեամբ աւարտել, եւ այդ մէկը այսօր կրկնելով պիտի դառնայ առաջին տիտղոսակիր խումբը, որ տարի մը ետք կը վերադառնայ աւարտական (2018-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով):
Եթէ իրար դէմ մրցումներուն նայինք, Պայերն Միւնիխ իր դաշտին վրայ 2 անգամ պարտուած է Փարիզ Սեն Ժերմենէն իր 7 ելոյթներուն` յաղթելով մնացեալ 5-ին:
Պայերն Միւնիխ պէտք ունի 2 կոլերու «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2-րդ խումբը դառնալու, որ 900 կոլ կրցած է նշանակել:
Փարիզ Սեն Ժերմենէն պիտի բացակայի մարոքցի Աշրաֆ Հաքիմի, մինչ փորթուգալցի Նունօ Մենտեշի մասնակցութիւնը կասկածելի է:
Պայերն Միւնիխէն պիտի բացակային Սերժ Կնապրի եւ Ռաֆայէլ Կեռերօ, մինչ 18 տարեկան Լենարտ Քարլի մասնակցութիւնը կասկածելի է:
Պայերն Միւնիխ պէտք ունի կոլերու տարբերութեամբ յաղթանակի մը` հասնելու աւարտական 12-րդ անգամ ըլլալով: Մէկ կոլով յաղթանակը կը հաւասարեցնէ ճակատումներու արդիւնքները, եւ կը դիմուի վճռական փենալթիներու` վերջնական յաղթականը իմանալու համար:
Ֆութպոլի սիրահարները վստահաբար պիտի ուզեն երթի նման գեղեցիկ ֆութպոլ դիտել, հոգ չէ, թէ ո՛վ պիտի անցնի աւարտական… անշուշտ եթէ զոյգ խումբերու համակիր չէ: