«Էն. Պի. Էյ.» Անթոնի Էտուըրտծ Անակնկալ Ձեւով Վերադարձաւ Եւ Անակնկալի Բերաւ Սփըրզը` 102-104 Արդիւնքով

26 ապրիլին վիրաւորելէ ետք իր ծունկը, Անթոնի Էտուըրտծ բացակայած էր Տենվըր Նակեթցի դէմ մնացեալ 2 ճակատումներէն, մինչ Մինեսոթայի աստղի վերադարձին մասին նիւթ իսկ չկար:

Երէկ առաւօտեան ժամերուն ան դաշտ ներկայացաւ մրցումէն 2 ժամ առաջ եւ «տաքցաւ»: Ցաւ չզգալով ան մասնակցեցաւ Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականի առաջին մրցումին` Սան Անթոնիօ Սփըրզին դէմ, եւ 18 կարեւոր կէտեր նշանակեց` իր խումբը առաջնորդելով անակնկալ յաղթանակի մը:

Սփըրզի աստղը` Վիքթոր Ուեմպանեամա 11 կէտ ու 15 ռիպաունտ նշանակեց եւ 12 պլոք կատարեց, որ մրցանիշ մըն է փլէյ-օֆի պատմութեան մէջ:

Սան Անթոնիօ վերջին մասին փորձեց մօտենալ եւ 2 կէտի նուազեցուց արդիւնքը աւարտէն 31 երկվայրկեան առաջ, բայց Ճուլիըս Ռենտըլի կորսնցուցած կողովէն ետք Ճուլիըն Շամփենյի չկրցաւ 3 կէտնոց կողով նշանակել պազըրին: Սան Անթոնիօ իր վերջին 17 ելոյթներու միայն 2-րդ պարտութիւնը կրեց փլէյ օֆի մրցումներուն գծով իր դաշտին վրայ:

Ռենտըլ 21 կէտ եւ 10 ռիպաունտ կատարեց ի նպաստ Թիմպըրվուլվզի, մինչ Տիլըն Հարփըր (18 կէտ), Շամփենյի (17 կէտ) եւ Սթեֆըն Քեսըլ (17 կէտ) բաւական լաւ ելոյթ ունեցան թիւ 2 դասուած Սփըրզի հաշուոյն:

Միւս կողմէ, Նիւ Եորք Նիքս 137-98 ելքով փայլուն արդիւնքով մը արձանագրեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դէմ ճակատումի առաջին մրցումին:

Ճէյլըն Պրանսըն իր 35 կէտերէն 27-ն նշանակեց առաջին կիսախաղին, մինչ Նիւ Եորք դարձաւ պատմութեան առաջին խումբը, որ փլէյ օֆի գծով երեք յաջորդական մրցումներ կը յաղթէ առնուազն 25 կէտերու առաւելութեամբ:

Առաջին հանգրուանին Աթլանթա Հոքսի դէմ 2-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, Նիքս յաջորդական 4 մրցումները յաղթեց: Օ. Ճի. Անունոպի (18 կէտ), Քարլ-Անթոնի Թաունզ (17 կէտ) եւ Միքալ Պրիճզ (17 կէտ) լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին, բան մը, որ կ՛օգնէ Նիքսին Արեւելեան շրջանին մէջ: Ժոել Էմպիիտ (14 կէտ) բաւական «լուռ» մրցում ունեցաւ, մինչ Փոլ Ճորճ 17 կէտերով առաւելագոյն կէտերը նշանակող մարզիկն էր Ֆիլատելֆիոյ:

Այսօր Տիթրոյիթ Փիսթընզ կը հիւրընկալէ Քլիվլենտ Քեվելիրզը, իսկ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր` Լոս Անճելըս Լէյքըրզը:

Leave a Comment