Ըմբշամարտ. Արսէն Բալայեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ

2026-ի Ռուսիոյ ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ: 86 քկ կշիռի ախոյեան դարձաւ հայազգի Արսէն Բալայեան:

Աւարտականին Բալայեան պարտութեան մատնեց Տաղիստանի ներկայացուցիչ Ապտուլհամիտ Նուրմագոմետովը: Քալինինկրատի մարզի ներկայացուցիչ Արսէն Բալայեան 23 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեան դարձաւ:

Այլ հայ ըմբիշ մը` Ստաւրոպոլի երկրամասէն Ռոպերթ Մուրատեան դարձաւ պրոնզ մետալակիր` 92 քկ կշիռի կարգին մէջ:

 

 

Leave a Comment