Խմբագրական Պուրճի Հրապարակ Եւ Հարաւային Լիբանան

Մայիս 6-ի խորհուրդը այսօր կը վերակենդանանայ տարբեր միջավայրի եւ տարբեր պայմաններու մէջ: Դարձեալ Լիբանանն է, որուն նկատմամբ կը կիրարկուին  ցեղասպանական քաղաքականութեան հիմնական բաղադրիչները:

Լիբանանը մէկ կողմէ կ՛ենթարկուի ցեղային զտման, բռնատեղահանման, անզէն բնակչութեան դէմ հրթիռակոծումներու, տարածքային գրաւումներու, միւս կողմէ կը հրաւիրուի ուղիղ բանակցելու եւ աւելի հեռահար` յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի:

Մայիս 6-ը լիբանանցի մտաւորականներու կախաղան բարձրացումի խորհրդանշանակութեամբ, կ՛ամփոփէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կանխամտածուած եւ կիրարկուած սովամահութեան քաղաքականութիւն մը, զանգուածային զոհեր խլելու, հետեւաբար ծրագրուած ցեղասպանութեան իրականացման նպատակով:

Լիբանանեան հատուածականութիւնն ու համայնքամէտութիւնը զրկեցին խորհուրդը իր համալիբանանեան տարողութենէն տարիներու ընթացքին եւ օրուան իմաստը սահմանափակեցին նահատակուած լրագրողներու յիշատակի օրուան:

Հիմա ալ Լիբանանի հարաւային հատուածներուն մէջ լրագրողներ կը սպաննուին, յստակ թիրախաւորումներով, Իսրայէլի ռազմական յանցագործութիւնները  լուսարձակի տակ առած ըլլալնուն համար: Վերջին սպաննուած լրագրողը աշխատակիցն էր թերթի մը, որ յախուռն էր այդ լուսարձակները բանալու եւ իրազեկումներ կատարելու իր խմբագրական քաղաքականութեամբ:

Մայիս 6-ը եթէ վերադարձուած ըլլար իր պատուանդանին, եթէ համալիբանանեան համախոհութեամբ ընդունուած ըլլար իբրեւ ցեղասպանութիւն համայն լիբանանցի ժողովուրդին դէմ կիրարկուած, ապա Պէյրութը պէտք է անցնէր պատմական այդ փաստին միջազգային հնչեղութիւն եւ ճանաչում ապահովելու աշխատանքին: Պատահեցաւ հակառակը: Լիբանանցիներու կողմէ ժխտողականութեան ենթարկուեցաւ անիկա, իր էութենէն պարպուելով եւ պատմութեան վերաշարադրանքով` նեղնալով եւ սահմանափակուելով:

Պաշտօնական Պէյրութը այսօր իրաւական բազմաթիւ հիմունքներ ունի Իսրայէլի ռազմական յանցագործութիւններուն հարցով միջազգային ատեաններ դիմելու: Այստեղ եւս չկայ համալիբանանեան դիրքորոշում: Զէնքի մենաշնորհումի սկզբունքին համաձայն ըլլալը չի նշանակեր չդատապարտել Իսրայէլը, չպահանջել անոր զօրքերուն անմիջական հեռացումը լիբանանեան տարածքներէն եւ անոր գործադրած պատերազմական ոճիրները միջազգային ընտանիքին մօտ իրաւականօրէն չարծարծել:

Պատմութեան վերաշարադրանքն ու ներկայի ցեղային զտումներուն նկատմամբ քաղաքական մօտեցումներով տարակարծուիլը կը ստորադասեն ազգային-պետական շահերը եւ առաջ կը քշեն հատուածականութիւնն ու նեղ համայնքամէտութիւնը: Աւելի ճիշդը կը շեշտեն` արտալիբանանեան ներշնչումներ ունենալու իրականութիւնը:

Մայիս 6-ի եւ հարաւի գրաւման եւ բռնատեղահանման պատասխանատու պետութիւնները այսօր հռետորաբանական հարթութեան վրայ կը պատերազմին: Զիրար կ՛ամբաստանեն ցեղասպան պետութիւններ ըլլալու ամէնէն ծանր յանցանքներով: Կը սպառնան իրարու, կը մեղադրեն զիրար պատմութեան ընթացքին թէ ներկային պատերազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած ըլլալու յանցանքներով, սակայն քայլ չեն առներ իրար դէմ զանոնք միջազգայնօրէն քրէականացնելու ուղղութեամբ:

Պատերազմական այս արհաւիրքներուն եւ նորագոյն ցեղասպանական գործողութիւններու թոհուբոհին մէջ Լիբանանը իր դէմ արձանագրուող գրաւումները, բռնատեղահանումներն ու ջարդերը իրաւականօրէն միջազգայնացնելու համար պէտք է պահէ հետեւողական վարքագիծ: Նախ առերեսուի իր սեփական պատմութեան հետ եւ մայիս 6-ի խորհուրդը վերականգնէ իր իսկութեամբ եւ իրողութեամբ:

 

Leave a Comment