
Գոհար Ներսէսեան Սուրիոյ ծովեզերեայ Լաթաքիա քաղաքէն վերջերս Երեւան հաստատուած հայրենադարձ մըն է: Ան վեց եղբայրներու միակ քոյրն է, անգլերէն լեզուի դասատու եւ երդուեալ թարգմանիչ:
«Հսկայ կեանք մը պզտիկ պայուսակի մը մէջ ամփոփել եւ ետ չնայիլ դիւրին չէ. ես գիտէի, որ այդ ուժը ունիմ»: Գոհարին համար դիւրին չէր այս որոշումը՝ բոլորովին առանձին գալ Հայաստան, սակայն, ինչպէս ինք կը պատմէ, մեծ մասամբ յաղթահարած է դժուարութիւնները: Գոհարի բառարանին մէջ «անկարելի» բառը չկայ. ամէն ինչ կարելի է, երբ ինքնավստահ ես եւ ուժով զինուած:
Գոհարի եղբայրներէն մէկը՝ Ճորճ Ներսէսեանը նոյնպէս իր երեք զաւակներով տեղափոխուած է Հայաստան: Անոնք ամիս մը առաջ Երեւանի մէջ բացած են «Փինոքիօ» ճաշարանը եւ սկսած են ընտանեօք աշխատիլ: Գոհար նոյնպէս մաս կը կազմէ այս աշխատանքին. «Փինոքիօ»-ի համեղ ճաշերուն մէջ իր հետքն ալ կայ:
«Ժողովուրդին ուտելիքն ալ երջանկութիւն կը պատճառէ»,- կ’ըսէ Գոհար: «Հիմա ամէն մարդ, որ մեր քով կու գայ, կ’ըսէ՝ նորէն պիտի գանք»:
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, անոնք հաստատակամ են եւ չեն մտածեր ետ դառնալու մասին: «Եղբայրներս բոլորն ալ պիտի գան Հայաստան»,— կ’ըսէ ան: Հայաստանի ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը նոր կեանքի գրաւականն է Գոհարի համար: