Փոտոլսքիի Պատմական Յաղթանակը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Լեհաստանի ֆութպոլի բաժակի տիտղոսը շահեցաւ Կորնիք Զաարժէ` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռաքով Չեսթոչովա խումբին, անմոռանալի օր մը պարգեւելով խումբին` անոր պատմութեան մէջ:

Կորնիք, որ Լեհաստանի ֆութպոլի ամէնէն հռչակաւոր ակումբներէն մէկն էր մինչեւ 1980-ականներու վերջերը, 1972-էն ի վեր չէր շահած ֆութպոլի բաժակի տիտղոսը:

Գերմանիոյ հետ 2014-ի Մոնտիալի տիտղոսակիր Լուքաս Փոտոլսքի, որ յառաջիկայ ամիս իր 41 տարեկանը կը բոլորէ, մասնակցեցաւ այս մրցումին, որուն կոլերը նշանակեցին Ռոպերթօ Մասիմօ եւ Մաքսիմ Խլան:

Անշուշտ 54 տարի ետք տօնելը բոլորովին տարբեր զգացումով մը համակեց նոյնիսկ ծնունդով լեհ Փոտոլսքին, որ մրցումէն ետք տօնեց 1972-ի բաժակակիր եւ հերոս Վոյճիմիեշ Լուպանսքիի եւ Սթանիսլաւ Օշլիսլոյի հետ:

Կորնիք 1,1 միլիոն եւրօ ստացաւ այս տիտղոսէն ետք, ինչպէս նաեւ ակումբը իրաւունք ստացաւ մասնակցելու յռաաջիկայ տարեշրջանի «Եուրոփա լիկ»-ին:

Փոտոլսքիի համար աներեւակայելի ուրախութիւն մըն էր իր մանկութեան քաջալերած ակումբին շապիկով շահիլ այս տիտղոսը: 2021-էն ի վեր Կորնիքի յառաջապահ Փոտոլսքի 122 ելոյթ ունեցաւ ակումբին հետ` նշանակելով 23 կոլ:

Քէօլնի, Պայերն Միւնիխի, Արսենալի, Ինթեր Միլանի, Կալաթասարայի, Վիսել Քոպէի եւ Անթալիասփորի նախկին մարզիկը Գերմանիոյ պատմութեան 4-րդ ամէնէն շատ ելոյթ ունեցած մարզիկն է ազգային խումբին հետ (130 ելոյթ), ինչպէս նաեւ 3-րդ ամէնէն շատ կոլ նշանակող մարզիկը (49 կոլ):

Անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս եղանակի աւարտին, եւ բաժակի մրցաշարքը շահելէ ետք շատ հաւանաբար ան լքէ իր ֆութպոլի արհեստավարժ ասպարէզը:

Leave a Comment