Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Սերի Ա.»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ինթեր Միլան կրցաւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնել Փարման եւ 21-րդ անգամ ըլլալով դառնալ Իտալիոյ ախոյեան:
Միայն Եուվենթուս (36 անգամ) կրցած է աւելի ախոյեանութիւններ շահիլ, քան Ինթեր:
Մարքուս Թիւրամ եւ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեցին Ինթերի կոլերը:
67-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Մխիթարեան 91 տոկոս ճշգրտութեամբ փոխանցումներ կատարեց եւ մէկ հարուածով կոլ ալ նշանակեց շնորհիւ իր հեռատես ըլլալուն: Երբ Լաութարօ Մարթինես աջ կողմէն գնդակ ստացաւ, Մխիթարեան անմիջապէս յառաջացաւ փոխանցում ստանալու եւ գնդակը զետեղեց դատարկ բերդին մէջ:
Ասիկա Մխիթարեանի 3-րդ կոլն էր այս տարեշրջանին (որ կրնայ իր վերջինը ըլլալ), եւ Ինթէր Միլանի հետ իր 2-րդ տիտղոսը:
Նափոլի չկրցաւ կոլ նշանակել Քոմոյի դաշտին վրայ, մինչ Ա. Սէ. Միլան 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սասուոլոյէն:
Եուվենթուս իր կարգին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն ձեռք ձգեց Վերոնայի հետ: