Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ յայտնեց. «Իշխանութեան հետ բախում մը չենք ուզեր: Չենք ուզեր երկիրը ներքին խնդիրի տանիլ, թէեւ գոյութիւն ունի Դիմադրութեան թշնամի այլ խումբ մը, որ արգելք չունի, թերեւս ալ կը ջանայ երկիրը զինաթափման խորագիրին տակ ներքին խնդիրի մէջ ներքաշել, սակայն իրատեսական գնահատումով, գոյութիւն ունի երկրի ինքնութեան, ապագային, դիրքին ու շահերուն կապուած հոլովոյթ մը, որուն մէջ յառաջ կ՛երթան առանց ազգային գետնի վրայ անոր քննարկման կամ անոր շուրջ փոխըմբռնման, եւ մենք չենք ուզեր այս հոլովոյթը ժխտել, սակայն Լիբանանը այդ ուղղութեամբ կը մղուի եւ կ՛առաջնորդուի իսրայէլեան կրակոցի եւ յորդորներու տեսքով ամերիկեան սպառնալիքներու ճնշումներուն տակ»:
«Բանակցութիւններուն մէջ իշխանութեան վարմունքը խնդրայարոյց, տկար ու շփոթեցնող է, եւ հիմնուած է առանց փոխարէնի կամ ձեռքբերումի մսխման տրամաբանութեան վրայ, ինչպէս նաեւ թեթեւի կ՛առնէ վտանգները, հետեւանքները եւ շահերու պաշտպանութիւնը:
«Այդ նկատողութիւնները միայն մեր` իշխանութեան հետ խորքային տարակարծութիւն ունեցողներունը չեն, ալ գոյութիւն ունին նկատողութիւններ արաբական եւ եւրոպական պետութիւններու կողմէ, որոնք համաձայն են ուղղակի բանակցութիւններուն, սակայն կ՛առարկեն իշխանութեան բանակցելու ձեւին: Անոնք հիմնական քննադատական նկատողութիւններ կատարեցին եւ իշխանութիւնը զգուշացուցին իր ձեռնարկածի հետեւանքներէն», ըսաւ երեսփոխանը:
Ֆայիատ շեշտեց. «Ներկայիս առաջնահերթութիւնը ամբողջական զինադադարն է, ներառեալ թշնամական արարքներու եւ կանոնաւոր քանդման գործողութիւններու դադրեցումը, ինչպէս նաեւ զինադադարը պէտք է շօշափելի քայլ մը ըլլայ` իսրայէլեան ուժերու հեռացման ճամբան հարթող:
«Իշխանութիւնները պէտք է յարգեն իրենց ժողովուրդին տառապանքը եւ պայման դնեն կրակոցը դադրեցնել նախքան որեւէ այլ քայլի անցնիլը, ներառեալ թշնամիին հետ այսպէս կոչուած նախապատրաստական ժողովները դադրեցնելը: Կ՛ընդգծենք, որ կը մերժենք թշնամիին հետ որեւէ ուղղակի հաղորդակցութիւն, ինչ բնոյթի եւ ձեւի ալ ըլլայ, եւ կոչ կ՛ուղղենք զայն փոխարինելու անուղղակի բանակցութիւններով, ինչ որ տեղի կ՛ունենար նախապէս»: