Շէյխ Քասեմ. «Լիբանանի Մէջ Զինադադար Չկայ, Այլ Իսրայէլեան-Ամերիկեան Շարունակուող Յարձակում»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով յայտնեց. «Լիբանանն ու շրջանը կը դիմագրաւեն իրենց պատմութեան եւ սերունդներու ապագային մէջ վտանգաւոր փուլ մը»:

«Լիբանանի մէջ զինադադար չկայ, այլ իսրայէլեան-ամերիկեան շարունակուող յարձակում», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով 27 նոյեմբեր 2024 թուականի զինադադարի համաձայնութեան` շէյխ Քասեմ նշեց. «Լիբանան յարձակումի ենթարկուած կողմն է, եւ իր անվտանգութեան ու գերիշխանութեան համար երաշխիքներու կարիք ունի»:

Անդրադառնալով երկրի ներքին կացութեան` ան շեշտեց. «Հողերու վերատիրացումը, ազատագրումը եւ անձնատուր չըլլալը հիմնական ընտրանքներ են»:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ այդ ընտրանքներուն իրականացումը կախեալ է Դիմադրութեան ուժէն եւ ներքին միասնականութեան ուժէն:

«Ձեզի Դիմադրութեան համոզումները որդեգրելու կոչ չենք ուղղեր, այլ` ներկայ նուրբ փուլին թշնամիներու ճամբարին չօգնելու»:

«Աշխարհի վրայ կա՞յ երկիր մը, որուն իշխանութիւնը թշնամիին հետ կը համաձայնի երկրի բռնագրաւման դիմադրութեան դիմակայման համար: Չկայ: Եկէք մեր միասնականութեամբ թշնամիին նպատակները դիմակայենք եւ հողը ազատագրենք, միասնաբար յաջողինք թշնամին վտարել եւ իշխանութիւնը կարող դարձնել իր պարտաւորութիւնները կատարել», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով քաղաքական լուծումներուն` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, թէ լուծումը անձնատուութեամբ չ՛ըլլար, ո՛չ ալ տարազի մը պարտադրումով, որ Լիբանանը կը դարձնէ տկար եւ գաղութատիրութեան ենթակայ, միաժամանակ աջակցութիւն յայտնելով դիւանագիտութեան, որ յարձակումի դադրեցման եւ համաձայնութիւններու գործադրման կը յանգեցնէ:

Ան նշեց, որ անուղղակի բանակցութիւնը օգտակար է, ինչպէս տեղի ունեցաւ ծովային սահմանագծման համաձայնութեան եւ զինադադարի համաձայնութեան պարագային, փոխարէնը մերժեց ուղղակի բանակցութիւնը` զայն նկատելով ձրի զիջում:

Շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ այդպիսի բանակցութիւնը կը ծառայէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն յաղթական ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կը նպաստէ:

 

 

Leave a Comment