Պքերքէ Այցելելով` Իսա. «Նեթանիահուն «Հրէշ» Չէ, Եւ Լիբանան Ոչինչ Կը Կորսնցնէ, Եթէ Նախագահ Աուն Իր Երկրին Պահանջները Թրամփի Ներկայութեան Անոր Ներկայացնէ»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Եթէ նախագահ Ժոզեֆ Աուն Ուաշինկթըն այցելէ եւ հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ, Լիբանան վնաս չի կրեր»:

«Աուն հանդիպումի ընթացքին Թրամփի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կը ներկայացնէ Լիբանանի պահանջները, որմէ ետք բանակցութիւնները կը սկսին, եւ ատիկա զիջում կամ կորուստ չէ», նշեց դեսպանը` հարց տալով. «Նեթանիահուն հրէ՞շ է: Ան երկրորդ բանակցող է»:

«Եթէ նախագահ Աուն Միացեալ Նահանգներ երթայ, պիտի ներկայացնէ Լիբանանի պահանջները, որոնց կարեւորագոյնն է «Լիբանանի իւրաքանչիւր թիզը կը մնայ եւ Լիբանանին կը վերադառնայ», եւ Հըզպալլայի ուզած պահանջը, որ լիբանանեան հողերը Լիբանանին վերադառնան», աւելցուց ան:

«Իսրայէլ կ՛ըսէ, թէ Լիբանանէն ոչ մէկ թիզ կ՛ուզէ, այլ խաղաղութիւն, այսինքն` հետագային Հըզպալլա գոյութիւն չ՛ունենար, եւ եթէ ունենայ, «այլ յանկերգ» կ՛ունենայ», նշեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

 

 

Leave a Comment