«Հայաստան ինք պիտի որոշէ»: Երէկ այս մասին Երեւանի մէջ յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս` պատասխանելով Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հեռանկարի մասին հարցումին:
«Հայաստան ինք իր որոշումները կու տայ, այստեղ մէկ ամիսէն ընտրութիւններ են, ի հարկէ, եւրոպական հեռանկարը սեղանի վրայ է, եւ Հայաստան ինք պիտի որոշէ», ըսած է Քալլաս: