Եւրոպական խորհրդարանը կը թիրախաւորէ Ազրպէյճանը` տարածելով զրպարտանք եւ սուտ, պատճառը այն է, որ Ազրպէյճան պաշտպանած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Այս մասին Երեւանի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի լիագումար նիստի ընթացքին տեսակապի ճամբով իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Եւրոպական խորհրդարանի հաւաքը խաղաղութեան հոլովոյթին նպաստելու փոխարէն խափանման մասին կը խօսի: Անդամ պետութիւններու հիմնարար խնդիրներուն անդրադառնալու փոխարէն Եւրոպական խորհրդարանը կը թիրախաւորէ Ազրպէյճանը` տարածելով զրպարտանք եւ սուտ: Պատճառը այն է, որ Ազրպէյճան պաշտպանած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, վերջ դրած անջատողականութեան եւ պատերազմական յանցագործները բերած արդարութեան:
«1 մայիսին, Ազրպէյճանի խորհրդարանը պաշտօնապէս որոշած է կասեցնել բոլոր ոլորտներուն մէջ Եւրոպական խորհրդարանին հետ գործակցութիւնը, կասեցնել մասնակցութիւնը Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան խորհրդարանական գործակցութեան յանձնախումբի գործունէութեան: Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն` 2021-էն մինչեւ 2026, Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է 14 բանաձեւեր, որոնք շատ վիրաւորական կերպով կը ստեն Ազրպէյճանի մասին: Վերջինը այս վեհաժողովէն ընդամէնը 4 օր առաջ էր: Հակառակ ջանքերուն բոլոր մարդոց, որոնք կը փորձեն խաթարել այս հոլովոյթը, Ազրպէյճան միտուած է խաղաղութեան օրակարգին, եւ իմ հայ գործընկերոջս արտասանած խօսքը ատիկա շատ յստակ ընդգծեց», նշած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Ալիեւ իր խօսքին մէջ պնդած է, որ եւրոպացի երեսփոխանները պէտք է անդրադառնան եւրոպական ընտանիքի հիմնարար խնդիրներուն` գաղթին, իսլամաֆոպիային, մրցունակութեան բացակայութեան:
Ան նաեւ յայտարարած է. «Մենք արդէն աւելի քան 9 ամիսէ ի վեր խաղաղ կ՛ապրինք եւ խաղաղութեան մէջ ապրիլ կը սորվինք: Մեզի եւ մեր գործընկերներուն համար խաղաղութիւնը արդէն իրականութիւն է»:
«Եւս մէկ ձեռքբերում խաղաղութեան այս օրակարգի տակ` անիկա փոխկապակցուածութիւնն է, Թրամփի ուղին պիտի անցնի Հայաստանէն դէպի Նախիջեւան եւ պիտի դառնայ Միջին միջանցքի մէկ մասը: Թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը արդէն կը տեսնեն խաղաղութեան գործնական օգուտները», ըսած է Ալիեւ:
Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահը
Կ՛արձագանգէ
Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլա վեհաժողովի ընթացքին արձագանգելով Ալիեւի պնդումներուն յայտարարեց. «Մենք երբեք պիտի չփոխենք մեր աշխատակարգը եւ այն դիրքորոշումները, զորս կ՛որդեգրենք»:
«Ես պէտք է խօսիմ, որովհետեւ որոշակի ելոյթներէն մէկը կեդրոնացաւ ինքնին Եւրոպական խորհրդարանին վրայ, կը կարծեմ, որ շատ արագ արձագանգ պէտք է ունենայ: Ես կը կարծեմ, որ անհամաձայնութիւններու որոշակի աստիճան ունեցող հանդիպումները մշտապէս առողջ են, սակայն ես պիտի ուզէի արագ արձագանգել եւ ընդգծել, որ Եւրոպական խորհրդարանը ուղղակիօրէն ընտրուած ներկայացուցիչներով ժողովրդավարական մարմին է, որուն բանաձեւերը կ՛որդեգրուին մեծամասնութեան միջոցով, եւ ատոր արդիւնքները թերեւս անյարմարութիւն կը ստեղծեն շատերու համար, սակայն մենք երբեք պիտի չփոխենք մեր աշխատակարգը եւ այն դիրքորոշումները, զորս կ՛որդեգրենք», ըսած է Մեցոլա: