Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Վեհաժողովը

Երէկ առաւօտեան Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան Մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը: Մինչ այդ տեղի ունեցաւ դիմաւորման արարողութիւնը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթով ողջունեց համալիր ժամանող շուրջ հինգ տասնեակ ղեկավարները:

Երեւան հասած էին Ֆրանսայի նախագահը, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Պելճիքայի, Չեխիոյ, Նորվեկիոյ եւ Լեհաստանի վարչապետները, Եւրոպական Միութեան ղեկավարները, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը: Առաջին անգամ այս ձեւաչափով հաւաքին իբրեւ հիւր կը մասնակցէր Քանատայի վարչապետը: Եւրոպական Միութեան առանցքային երկիրներէն միայն Գերմանիոյ վարչապետը չմասնակցեցաւ վեհաժողովին` պատճառաբանելով աշխատանքային ծանրաբեռնուածութեամբ:

Հակառակ հրաւէրին` Հայաստան չեկաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող Անգարան, ըստ էութեան, խախտելով վեհաժողովի ձեւաչափը` առանց պատճառաբանութեան հաւաքին գործուղած էր փոխնախագահ Ճեւտեթ Եըլմազը: 2008-ին նախագահ Ապտուլլա Կիւլի այցելութենէն ետք Եըլմազ Թուրքիոյ ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնեան է, որ Հայաստան կ՛այցելէ:

«Յոյս ունիմ` կարելիութիւն կ՛ունենամ այցելելու Ազրպէյճան 2028-ին, երբ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը այնտեղ կայանայ», յայտարարեց Հայաստանի վարչապետը վեհաժողովի բացման ելոյթին մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ առաջին անգամն է, որ Ազրպէյճանի նախագահը կը մասնակցի այս հաւաքին, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ, թէկուզ` տեսակապով:

«Այժմ մենք սերտօրէն կ՛աշխատինք Ազրպէյճանի հետ, որպէսզի ամրապնդենք եւ հաստատութենական դարձնենք մեր երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւնը», ըսաւ ան:

Փաշինեան կարեւոր նկատեց նաեւ Թուրքիոյ փոխնախագահին մասնակցութիւնը` ընդգծելով, որ Ճեւտեթ Եըլմազ երկրի առաջին փոխնախագահն է, որ կ՛այցելէ Հայաստան:

Leave a Comment