«Էն. Պի. Էյ.». Ֆիլատելֆիա Դուրս Ձգեց Պոսթընը

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի մրցումները շարունակուեցան, եւ մեծ անակնկալով մը Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 109-100 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Պոսթըն Սելթիքսի` այս վերջինիս դաշտին վրայ Մեսեչուսեթցի մէջ, դուրս ձգելով Արեւելեան շրջանի թիւ 2 դասուած Սելթիքսը:

Հետաքրքրականը այն էր, որ Պոսթըն ճակատումներու առաջին 4 մրցումներէն 3-ին յաղթած էր եւ պէտք ունէր յաղթանակի մը միայն մնացեալ 3 մրցումներէն, որոնց 2-ը իր դաշտին վրայ էին:

Ժոել Էմպիիտ եւ Թայրիս Մեքսի տապըլ-տապըլ իրագործեցին, մինչ Վալտեզ Էտճքոմպ (20 տարեկան) աւելցուց 23 կէտ ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի: Էմպիիտ 34 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Մեքսի` 30 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:

Պոսթընի միակ փայլուն աստղն էր Ճէյլըն Պրաուն, որ 33 կէտ նշանակեց:

Էմպիիտի վերադարձով Ֆիլատելֆիա բոլորովին տարբեր մակարդակի խումբ եղաւ: Ան մասնակցեցաւ Պոսթընի դէմ վերջին 4 մրցումներուն` նշանակելով 112 կէտ եւ 36 ռիպաունտ:

7-րդ դասուած Ֆիլատելֆիա եղաւ Արեւելեան շրջանի ամէնէն ցած դիրքը գրաւող խումբը` սպասելով Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օրլանտօ Մեճիք (թիւ 8) վճռական 7-րդ ճակատումին յաղթականին:

Նոյն վիճակին մէջ կը գտնուին թիւ 4 դասուած Քլիվլենտ Քեվելիրզի եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ` սպասելով վերջնական յաղթականին:

Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականի զոյգերը արդէն իսկ յայտնի են: Թիւ 1 դասուած Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, որ անցեալ տարուան ախոյեանն է, 4-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր Ֆինիքս Սանզը, եւ պիտի մրցի Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ: Թիւ 4 դասուած Լէյքըրզ 4-2 ճակատումներու արդիւնքով դուրս ձգեց Հիուսթըն Ռոքեթցը:

Արեւմտեան շրջանի թիւ 2 դասուած Սան Անթոնիօ Սփըրզ 4-1 արդիւնքով դուրս ձգելէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, պիտի մրցի թիւ 6 դասուած Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դէմ, որ 4-2 արդիւնքով անակնկալի բերաւ 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցը:

Արեւելեան շրջանի թիւ 3 դասուած Նիւ Եորք Նիքս 2-1 ճակատումներու արդիւնքով ետ մնալէ ետք Աթլանթա Հոքսի դէմ (թիւ 6) կրցաւ 4-2 արդիւնքով յաղթել եւ հասնիլ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Ֆիլատելֆիոյ դէմ:

Տիթրոյիթ – Օրլանտօ եւ Քլիվլենտ – Թորոնթօ մրցումներու վերջնական յաղթողները պիտի մրցին իրար դէմ:

 

Leave a Comment