«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսիի 100-րդ Մրցումին Ինթեր Մայեմի Անակնկալ Պարտութիւն Կրեց

Լիոնել Մեսսիի Ինթեր Մայեմի ակումբը 3-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 4-3 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Օրլանտօ Սիթիի դէմ մրցումին` անգամ մը եւս ձախողելէ ետք յաղթանակ տօնել Մայեմիի նորակառոյց «Նիւ Սթատիում»-ին մէջ:

Մրցումի առաջին մասին կը կարծուէր, որ Մայեմի հանգիստ յաղթանակ պիտի արձանագրէ Մեսսիի 100-րդ մրցումին` Ֆլորիտայի ակումբին հետ:

Բայց Օրլանտօ կրցաւ 4 կոլ նշանակել Մայեմիի դէմ, որ այս տարեշրջանին իր 2-րդ պարտութիւնը կրեց:

Պարսելոնայի նախկին աստղը գեղեցիկ հարուածով մրցումին հաշիւը 3-0-ի բարձրացուց 33-րդ վայրկեանին: Նախապէս Իան Ֆրէյ եւ վենեզուելացի Թելասքօ Սեկովիա նշանակած էին Մայեմիի կոլերը:

Արժանթինցի Մարթին Օխետա 39-րդ, 68-րդ եւ 79-րդ վայրկեաններուն հեթ-թրիք մը իրագործեց ի նպաստ Օրլանտոյի, մինչ Թայրիս Սփայսըր 92-րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթանակի կոլը` բերդապահ Տէյն Սենթ Քլերի ոտքերուն մէջէն:

Օրլանտօ Սիթի 13-րդ դիրքը գրաւեց այս յաղթանակէն ետք, մինչ Ինթեր Մայեմի մնաց 3-րդ դիրքին վրայ, Արեւելեան շրջանին մէջ:

 

Leave a Comment