Հեծելարշաւ. Ֆետերասիոնի Հերթական Ժողովը` Հրայր Սաթոյեանի Գլխաւորութեամբ

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը հերթական ժողով մը կատարեց իր Ժել Էլ Տիպի կեդրոնին մէջ, ֆետերասիոնի դիւանի մարմինի մէկ հրաւէրէն ետք, գլխաւորութեամբ նախագահ Հրայր Սաթոյեանի, ներկայութեամբ ֆետերասիոնի բոլոր անդամներուն եւ ֆետերասիոնին մաս կազմող 10 ակումբներէն 7-ին: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանեան բանակի խումբի ներկայացուցիչը:

Սաթոյեան բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդունած էին ֆետերասիոնի հրաւէրը: Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն ըլլալէ ետք Սաթոյեան խօսեցաւ ֆետերասիոնի մարզական աշխատանքներուն մասին` իր ստանձնած օրէն սկսեալ, հակառակ բոլոր դժուար պայմաններուն` յոյս յայտնելով, որ ներկայ մութ ամպերը կը հեռանան Լիբանանէն:

Ֆետերասիոնի քարտուղար Միշել Տաղըլ կարդալէ ետք ներկայ ներկայացուցիչներուն անունները, ներկայացուց վարչական եւ նիւթական տեղեկագիրները, որոնք վաւերացուելէ ետք յաջողութեամբ որդեգրուեցան ժողովին կողմէ:

2026-ի ծրագիրներու մշակումէն եւ 2026-ի մօտաւոր պիւտճէի քննարկումէն ետք անոնք վաւերացուեցան:

Ժողովի աւարտին Սաթոյեան պատասխանեց բոլոր հարցումներուն եւ լուսաբանութիւններ տուաւ ակումբներու ներկայացուցիչներուն: Տրուած լուսաբանութիւնները Լիբանանի հեծելարշաւի ներկայ իրավիճակը կ՛արտացոլացնէին:

 

Leave a Comment