Իրանեան իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած են 14 կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիր մը, որուն մէջ կ՛ուրուագծուին Իրանի հիմնական պայմանները Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը դադրեցնելու համար:
Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներուն, Թեհրան այժմ կը սպասէ Ուաշինկթընի պատասխանին: Այս մասին երէկ գիշեր յայտնած են իրանեան «Ֆարս» եւ «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնները, որոնք փաստաթուղթը որակած են իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախորդ 9 կէտերէ բաղկացած առաջարկի պատասխան:
Այդ առաջարկը կը նախատեսէր երկամսեայ զինադադար, որուն Իրանի իշխանութիւնները պատասխանած են` յայտարարելով, որ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին մէկ ամսուան ընթացքին, եւ որ «շեշտը պէտք է դրուի պատերազմի դադրեցման եւ ոչ թէ զինադադարի երկարաձգման վրայ», կը հաղորդէ «Թասնիմ»:
Իրանեան լրատու գործակալութիւններու տուեալներով` խաղաղութեան ծրագիրի իրանեան տարբերակին մէջ Թեհրան Ուաշինկթընէն կը պահանջէ չյարձակելու երաշխիքներ, ամերիկեան զօրքերու լիակատար դուրսբերում սահմանամերձ շրջաններէ, ծովային շրջափակման վերացում եւ իրանեան սառեցուած հաշիւներու ապասառեցում:
Բացի ատկէ, Իրան կը պնդէ պատճառուած վնասին համար փոխհատուցումի վճարման, պատժամիջոցներու վերացման, շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման, ներառեալ Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումները, եւ «Հորմուզի նեղուցի գործունէութեան նոր մեքանիզմի» ստեղծման վրայ:
Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ ամերիկեան կողմին փոխանցուած ծրագիրին մէջ Իրան Միացեալ Նահանգներուն առաջարկած է 30 օրուան ընթացքին համաձայնիլ մարտական գործողութիւններու դադրեցման, շրջափակման վերացման եւ Հորմուզի նեղուցի բացման շուրջ:
Կայքի զրուցակիցները նշած են, որ Ուաշինկթըն իրանեան կողմէն ստացած է շրջագծային համաձայնագիրին վերաբերեալ 14 կէտերէ բաղկացած առաջարկ մը:
Ըստ առաջարկին ծանօթ երկու աղբիւրներու, անոր մէջ միամսեայ ժամկէտ հաստատուած է բանակցութիւններու համար այնպիսի համաձայնագիրի մը շուրջ, որ կը նախատեսէ Հորմուզի նեղուցի բացումը, Միացեալ Նահանգներու կողմէ ծովային շրջափակման դադրեցումը եւ Իրանի ու Լիբանանի մէջ պատերազմի վերջնական աւարտը:
«Աքսիոս» կը նշէ, թէ իրանեան առաջարկին համաձայն, միայն նման գործարքի կնքումէն ետք պիտի սկսի բանակցութիւններու եւս մէկ ամիս` հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան գալու համար:
Իրանցի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին. «Հիւլէական ծրագիրի ապագան պիտի քննարկենք միայն տեւական զինադադարի հաստատումէն ետք»:
Փաքիստանի մէջ Իրանի դեսպան Ռիտա Ամիրի Մուքատամ իրանեան ԻՐՆԱ պետական լրատու գործակալութեան ըսաւ. «Թեհրան իր դիրքորոշումներուն ու պահանջներուն մէջ յստակ եւ թափանցիկ է, եւ բանակցութիւններուն ճակատագիրը կախեալ է Ուաշինկթընէն»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Շուտով պիտի սերտեմ Իրանի տակաւին նոր ուղարկած ծրագիրը»:
«Չեմ կարծեր, թէ Իրանի ներկայացուցած ծրագիրը ընդունելի պիտի ըլլայ», նշեց Թրամփ:
«Ինծի ներկայացուեցան Իրանի հետ գործարքի ընդհանուր գիծերը», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Իրան քանդիչ հարուածներ ստացաւ, եւ այժմ մեծ ջանք կը թափէ Ուաշինկթընի հետ գործարք կնքելու», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Իրանեան նախկին ղեկավարութիւնը վերջ գտաւ, եւ իրանցիները ներկայիս չեն գիտեր, թէ իրենց ղեկավարը ո՛վ է», նշեց Թրամփ:
«Մեր երկրէն քարիւղ գնելու համար Միացեալ Նահանգներ ուղղուող նաւերու շարք գոյութիւն ունի», յայտնեց ան:
«Իրանցիները իրենց կատարածին համար բաւարար գին չվճարեցին», ըսաւ Թրամփ: