Հայ Մարզիկները Արտերկրի Մէջ. Բարսեղեան, Համբարձումով Եւ Յարութիւնեան Կը Փայլին, Բիչախչեան Կը Վիրաւորուի

Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Սլովան Պրաթիսլաւա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Բ. դիրքը գրաւող Տունայսքա Սթրետան, Պրաթիսլաւայի մէջ:

Հանդիպումի միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան` օգնելով, որ Սլովան 8-րդ յաջորդական տարին ըլլալով դառնայ Սլովաքիոյ ախոյեան:

Մրցումը շատ հետաքրքրական էր, եւ 17-րդ վայրկեանին Բարսեղեան հիանալի երկար փոխանցումով գնդակը հասցուց Քրուզի, որ բերդապահը խաբելէ ետք փոխանցեց կեդրոն, սակայն անոր խմբակիցը չկրցաւ նշանակել:

62-րդ վայրկեանին մրցակից խումբէն մարզիկ մը վտարուեցաւ ՎԱՐ-ի միջամտութենէն ետք, որմէ անմիջապէս ետք Բարսեղեան ուժգին հարուածով փորձեց գրաւել Տունայսքայի բերդը, սակայն բերդապահը կրցաւ զսպել անոր հարուածը:

Սակայն 80-րդ վայրկեանին Տիգրան Բարսեղեան աջ ծայրէն դէպի կեդրոն կտրեց, եւ այս անգամ անզսպելի հարուածով գնդակը զետեղեց բերդի ձաք անկիւնը` նշանակելով մրցումին միակ եւ կարեւոր կոլը:

Ռուսիոյ երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի երիտասարդներու (19 տարեկանէն վար) հաւաքականի ծայրի յառաջապահ Դանիէլ Համբարձումով իր յաջող ելոյթները տակաւին կը շարունակէ:

Կրասնոտարի 18 տարեկան ֆութպոլիստը փայլուն մրցում մը ունեցաւ Սպարտակ Մոսկուայի դէմ: Ան գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց եւ այլ էսիսթ մըն ալ տուաւ, իսկ իր ակումբը 3-0 արդիւնքով կրցաւ յաղթել:

Դանիէլ Համբարձումովի համար այս տարեշրջանը բաւական յաջող կ՛ընթանայ: Ան իր կատարած 8 մրցումներուն 7 կոլ նշանակած եւ 7 էսիսթ կատարած է, ան այսպիսով երիտասարդներու ախոյեանութեան լաւագոյն կոլ սքորըր եւ էսիսթ կատարող մարզիկն է:

Անոր ակումբը կը գրաւէ երիտասարդներու ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը, բայց ան օրէ օր կը գրաւէ բազմաթիւ ակումբներու ուշադրութիւնը:

Իր կարգին, Հայաստանի ազգային խումբի յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան Հունգարիոյ Փուշքաշ ակադեմիոյ ակումբին հետ իր յաջորդական 4-րդ յաջող ելոյթը ունեցաւ: Յարութիւնեանի խումբը 3-1 արդիւնքով յաղթեց, եւ ան խաղցաւ 3 պաշտպաններէ կազմուած խաղաոճի աջ պաշտպանի դիրքին վրայ:

Ախոյեանութեան աւարտին մէկ հանգրուան մնացած է, եւ Փուշքաշ ակադեմիա 6-րդ դիրքը կը գրաւէ ախոյեանութեան:

Միւս կողմէ, Լեկիա Վարշաւայի եւ Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Վահան Բիչախչեան սրունքի մկանի պատռուածքի պատճառով այս տարեշրջանի մնացեալ մասէն հեռու պիտի մնայ: Հարցականի տակ է նաեւ յառաջիկայ ամսուան անոր մասնակցութիւնը Ղազախստանի եւ Մոլտովայի դէմ:

Բիչախչեան վիրաւորուած էր 6 ապրիլին իր նախկին ակումբին` Փոկոնի դէմ մրցումին: Աւելի ուշ բժշկական քննութիւններէ ետք երեւան եկած է, թէ անոր վնասուածքը շատ աւելի լուրջ է, քան սկիզբի ենթադրութիւնը:

Լեհաստանի ախոյեանութեան աւարտէն 3 հանգրուաններ առաջ, Լեկիա 2-րդ դիրքը կը գրաւէ զարմանալի վիճակով: Ան յոյս ունի եւրոպական բաժակի մրցաշարքին հասնելու, միաժամանակ, եթէ ժխտական արդիւնքներ արձանագրէ, խումբը կրնայ իջնել Բ. դասակարգ:

Leave a Comment