«Հայաստան» Դաշինքը Բողոքի Ցոյց Կը Կազմակերպէ

Այսօր` 4 մայիսին, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջին նկատմամբ աչք չփակելու պահանջով «Հայաստան» դաշինքը կը կազմակերպէ բողոքի ցոյց:

Բողոքի ցոյցը պիտի սկսի Կոմիտասի 1 հասցէէն եւ պիտի ուղղուի դէպի Մարզահամերգային Համալիր, ուր տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը, որուն շրջանակներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն հասած են եւրոպական շարք մը երկիրներու եւ կառոյցներու ղեկավարներ:

 

 

Leave a Comment