Ազրպէյճանի խորհրդարանի արտաքին միջամտութեան եւ խառնածին սպառնալիքներու դէմ պայքարի ժամանակաւոր յանձնախումբը յայտարարած է. «Վերջին օրերուն Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգին դէմ ուղղուած ապատեղեկատուական արշաւ կ՛ընթանայ»:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ յանձնախումբը պնդած է. «Արշաւը կը կատարուի տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական լոպիական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ազդեցիկ պաշտօններ զբաղեցնող որոշ օտարերկրեայ քաղաքացիներու եւ լրատուամիջոցներու կողմէ»:
Ազրպէյճանի խորհրդարանի յանձնախումբը պնդած է, թէ Ստեփանակերտի մէջ աւերուած եկեղեցիներու մասին վերջին օրերու հաղորդագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայերը ազատ արձակելու կոչերը կը հնչեն այդ` լոպիական կազմակերպութիւններու պատուէրով:
«Այս անգամ հայկական լոպիական կազմակերպութիւնները իրենց զրպարտչական արշաւին մէջ ընտրած են այլ մարտավարութիւն` աղմուկ բարձրացնելով քանի մը նիւթերու շուրջ, ներառեալ այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան», «պատերազմական գերիներու» եւ Խանքենդի «Ստեփանակերտ, «Ա.») քաղաքին մէջ շինարարական նախագիծերու շուրջ», կը յայտարարէ յանձնախումբը, զգուշացնելով, թէ այս քայլերը կրնան վնասել «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան փխրուն հոլովոյթին»:
Որեւէ որոշակի օրինակ կամ փաստ յայտարարութիւնը չի վկայեր:
Ազրպէյճանի խորհրդարանն ալ մէկ օր առաջ խզած էր կապերը Եւրոպական խորհրդարանին հետ` Եւրոպական Միութեան երեսփոխանները մեղադրելով հայամէտութեան, կեղծ թեզեր տարածելու եւ զրպարտութեան համար, այն բանէն ետք, երբ վերջիններս «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայութեան» բանաձեւը որդեգրած էին` վերահաստատելով աջակցութիւնը` Արցախի հայերու իրաւունքներուն, ներառեալ անոնց ինքնութեան, սեփականութեան ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը` միջազգային համապատասխան երաշխիքներու տակ: