«Էն. Պի. Էյ.» Հիուսթըն Պարտադրեց 6-րդ Մրցում Մը

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն Հիուսթըն Ռոքեթց կրցաւ յաղթանակ արձանագրել Լոս Անճելըսի մէջ` Լէյքըրզի դէմ մրցումին, 99-93 արդիւնքով:

Վիրաւորներով «հարուստ» Հիուսթըն, որ իր առաջին 3 մրցումներուն պարտուած էր Լէյքըրզէն, յաղթեց իր յաջորդական երկրորդ մրցումին:

Հիուսթըն, որմէ կը բացակայէին վիրաւորներ Քեւըն Տիւրենթ, Սթիվըն Էտըմզ եւ Ֆրետ Վանվլիթ, կրցաւ 5 մարզիկներով 10-է աւելի կէտեր նշանակել, մինչ Լէյքըրզ ընդհանրապէս վստահած էր Լըպրոն Ճէյմս (25 կէտ) եւ Օսթըն Ռիվզ (22 կէտ) զոյգին:

Արեւելեան շրջանի առաջին դասուած խումբը` Տիթրոյիթ Փիսթընզ կրցաւ 116-109 արդիւնքով յաղթել Օրլանտօ Մեճիքին, շնորհիւ Քէյտ Քանինկհեմի 45 կէտերուն: Օրլանտօ տակաւին 3-2 արդիւնքով կը յառաջանայ եւ պէտք ունի յաղթանակի մը` հասնելու շրջանի կիսաւարտական:

Ճէյմս Հարտըն 23 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` առաջնորդելով Քլիվլենտ Քեվելիրզը 125-120 արդիւնքով յաղթանակի եւ ճակատումներու հաշիւով 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ:

 

 

Leave a Comment