Իտալական ֆութպոլի նահանջը արդէն զգալի է, եւ այժմ անոնք ձեւով մը զգուշացուեցան աւելի եւս պատժուելէ կամ նոյնիսկ հեռացուելէ եւրոպական ֆութպոլէն` իրաւարարներու յանձնախումբի «սխալ» որոշումներուն պատճառով:
Մէկ խօսքով` ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն երկիրներէն Իտալիա, որ 3-րդ յաջորդական Մոնտիալէն պիտի բացակայի, կրնայ տարբեր պատիժներու ալ ենթարկուիլ, եթէ իրաւարարներու գայթակղութիւնը փաստուի:
Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Կապրիելէ Կրավինա անցեալ ապրիլի սկիզբը իր հրաժարականը ներկայացուցած էր, երբ Իտալիոյ ազգային խումբը ձախողած էր հասնիլ Մոնտիալին, եւ այժմ «Սերի Ա.»-ի եւ «Սերի Պէ.»-ի իրաւարարներու ազգային յանձնաժողովի ղեկավար Ճիանլուքա Ռոքի իր կարգին իր հրաժարականը ներկայացուցած է: Եթէ պատահի, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը արտաքին կառավարման ենթարկուի, «Եու. Է. Էֆ. Ա.» անմիջապէս կրնայ հեռացնել իտալական ակումբներէն ու ազգային խումբը միջազգային մրցաշարքերէ:
Ճեանլուքա Ռոքիի դէմ հետաքննութիւն սկսած է մարզական խարդախութեան մեղսակցելու մեղադրանքով, մինչ Իտալիոյ մարմնակրթութեան նախարար Անտրէա Ապոտի կը մտածէ ֆետերասիոնը յանձնել արտաքին կառավարման` կոչ ուղղելով, որ գործընթացին միջամտէ Իտալիոյ ազգային ողիմպիական կոմիտէն:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Չեֆերին «Սերի Ա.»-ի նախագահ Էցիօ Մարիա Սիմոնելլիի հետ հանդիպումի ժամանակ խստօրէն նախազգուշացուց, որ քաղաքական միջամտութիւնը Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին ներքին գործերուն կրնայ զրկել Իտալիան 2032-ի Եուրոն հիւրընկալելու առիթէն, ինչպէս նաեւ բոլոր իտալական ակումբները անյապաղ հեռացնել եւրոպական բոլոր մրցաշարքերէն:
Հաւանական է, որ այս շաբաթ տեղի ունենայ Լիկայի խորհուրդի նիստը, ուր կը նշանակուի փաստաբան` անձամբ ներկայացնելու լիկան եւ իբրեւ տուժող կողմ Սիմոնելիի շահերը:
Նշենք, որ Եուրօ 2032-ն հիւրընկալելու համար Իտալիա եւ Թուրքիա միասնաբար դիմում ներկայացուցած էին 2023-ին:
Իտալիոյ ֆութպոլին մէջ միշտ ալ ծագած են խարդախութեան հարցեր, որոնց ամէնէն մեծը 2006-ին էր, երբ օրին ախոյեան Եուվենթուս զրկուած էր իր տիտղոսէն եւ փոխանցուած Բ. դասակարգ, Ֆիորենթինայի, Լացիօ Ռոմայի, Ա. Սէ. Միլանի եւ Ռեճինայի հետ: Աւելի ուշ Ֆիորենթինա եւ Լացիօ ներում ստացած էին եւ մնացած «Սերի Ա.»: