Ազրպէյճանի Փոխվարչապետը Հայաստան Այցելեց, Քննարկուեցան Սահմանազատման Եւ Այլ Հարցեր

Երէկ Հայաստան այցելեց Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը` փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի գլխաւորութեամբ: Մուսթաֆայեւ նաեւ սահմանազատման ազրպէյճանական յանձնախումբի նախագահն է:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի 13-րդ հանդիպումը:

«Գոհունակութեամբ նշուած է, որ յանձնախումբերու 13-րդ հանդիպումը կրկին կը կայանայ կողմերէն մէկուն տարածքին` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Աղուերան:

«Հանդիպման ընթացքին կողմերը մանրամասն միտքեր փոխանակած են սահմանազատման միջոցառումներու հետ կապուած կազմակերպչական եւ թեքնիք հարցերու շուրջ:

«Կողմերը համաձայնեցուցած են եւ փոխանակած սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգի վերաբերեալ հետեւեալ ուղեցոյցներու նախագիծերու բնագիրները.

«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ընթացքին սահմանազատման փորձագիտական խումբերի աշխատանքի կարգի մասին ուղեցոյց», «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման քարտէսի ստեղծման կարգի մասին ուղեցոյց», «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման փաստաթուղթերու ձեւակերպման եւ հրատարակման կարգի մասին ուղեցոյց»:

«Կողմերը համաձայնութեան եկած են դիմել իրենց կառավարութիւններուն` ուղեցոյցներու համապատասխան հաստատման համար», նշուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Գրիգորեան եւ Մուսթաֆայեւ նաեւ «առանձին միտքեր փոխանակած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ»:

Նշուած է, որ դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն բեռներու տարանցումը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքով յաջողութեամբ կ՛իրականացուի եւ ներկայիս կը շարունակուի:

Տեղի ունեցած է նաեւ կողմերու գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ քննարկում առեւտրատնտեսական համագործակցութեան զարգացման, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու փոխադարձ մատակարարումներուն, ինչպէս նաեւ տարանցիկ փոխադրումներուն վերաբերող հարցերու շուրջ»: Հանդիպման արդիւնքներուն հիմամբ ստորագրուած է համապատասխան արձանագրութիւն:

Leave a Comment