Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. թագաւորին ի պատիւ ընթրիքի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ «Իրանը զինուորական գետնի վրայ պարտութեան մատնեցին»:
«Այս հակառակորդը զինուորական գետնի վրայ պարտութեան մատնեցինք եւ երբեք պիտի չարտօնենք, որ հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ», նշեց ան` աւելցնելով. «Այս կէտին վրայ Չարլզ թագաւորը ինծի հետ աւելի համաձայն է, քան ես ինծի հետ»:
Թրամփ աւելի ուշ ալ յայտնեց, որ Իրան «չի կրնար իր շարքերը միացնել եւ չի գիտեր հիւլէական համաձայնութիւն ինչպէս ստորագրել»` շեշտելով. «Աւելի լաւ է, որ շուտով աւելի խելացի դառնայ»:
Ան նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց «այլեւս հեզահամբոյր մարդ չեմ» գրառումը` անոր կցելով լուսանկար մը, ուր գնդացիր կը կրէ, եւ իր ետին պայթումներ տեղի կ՛ունենան:
Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ եւ լաւատեղեակ անձ մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ամերիկեան հետախուզութիւնը երկու շաբաթներէ ի վեր շարունակուող, հազարաւոր կեանքերու կորուստին պատճառ դարձած եւ Սպիտակ տան վրայ քաղաքական բեռի վերածուած պատերազմին մէջ Թրամփի միակողմանի յաղթանակ յայտարարելուն Իրանի հակազդեցութիւնը կը քննարկէ:
Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ ամերիկեան հետախուզութիւնը այս եւ այլ հարցերու վերլուծման նախաձեռնած է` ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու պահանջով:
Աղբիւրները կը յայտնեն, որ նպատակը Թրամփի հակամարտութենէն հեռանալու հաւանական հետեւանքները հասկնալն է, որովհետեւ կարգ մը պաշտօնատարներ ու խորհրդականներ այն մտավախութիւնը ունին, որ ատիկա նպաստէ այս տարի նախատեսուած միջանկեալ ընտրութիւններուն մէջ Հանրապետական կուսակցութեան հսկայական կորուստներու արձանագրման:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սպիտակ տան ղեկավարը իր օգնականներուն ցուցմունք տուած է Իրանի երկարատեւ շրջափակման պատրաստուելու:
Ըստ պաշտօնատարներուն, Թրամփ եզրակացուցած է, թէ ռմբակոծման շարունակութիւնը կամ հեռացումը աւելի մեծ վտանգներ կը պարունակէ, քան շրջափակման պահպանումը:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին ըսած է, թէ Հորմուզի նեղուցի շրջափակումը իրանեան տնտեսութիւնը մեծ ճնշումի կ՛ենթարկէ եւ Թեհրանին իր քարիւղը պահեստաւորելու աւելի մեծ դժուարութիւն կը պատճառէ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իրանեան Խարք կղզին շատ արագ կը մօտենայ իր առաւելագոյն պահեստաւորման կարողութեան, ինչ որ Իրանին պիտի ստիպէ քարիւղի արտադրութիւնը նուազեցնելու:
Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են, որ Թրամփ պատրաստ չէ հրաժարելու Իրանի քսան տարի իւրանիոմի հարստացումը առկախելու խոստումէն:
Միւս կողմէ, աղբիւրներ օրաթերթին հաղորդած են, որ Իրան միջնորդներուն յայտնած է, որ բարեփոխուած առաջարկ ներկայացնելէ առաջ քանի մը օրուան կարիք ունի` գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէիի հետ խորհրդակցելու համար:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փաքիստանի առեւտուրի նախարարութիւնը յայտնած է, որ Փաքիստան Իրանին տրամադրած է վեց ցամաքային միջանցքներ, որոնք պիտի արտօնեն բեռներու տարանցում կատարել` շրջանցելով Հորմուզի նեղուցը:
«Տոուն» օրաթերթի տուեալներով` Քարաչիի նաւահանգիստին մէջ այս պահուս կուտակուած են Իրան տեղափոխման համար նախատեսուած աւելի քան 3000 բեռնարկղներ: Անոնց դուրսբերումը արդէն սկսած է:
Փաքիստանի իշխանութիւնները միեւնոյն ժամանակ Արաբական ծովու ափին եւ Իրանի սահմանէն 70 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Կվատար նաւահանգիստը ճշդած են իբրեւ իրանեան բեռներու փոխադրման ապագայ մեծ տարանցիկ եւ գումակային կեդրոն:
Գահիրէի մէջ Իրանի դեսպան Մոջթաբա Ֆերտոուսիփուր ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ Իրան, հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պնդումներուն, պիտի չյանձնուի:
«Մենք պիտի չարտօնենք, որ Միացեալ Նահանգները մեզի հետ խօսին ուժի դիրքերէ: Իրան երբեք պիտի չյանձնուի եւ բանակցութիւններ պիտի չվարէ ճնշման ու նոր յարձակումներու սպառնալիքներու տակ», ընդգծած է դիւանագէտը: