Արձակուրդը անգամ մը եւս պերճանք եղաւ: Մինչ շատ մարդիկ (Եւրոպայի մէջ) իրենց տուները կը փոխեն արձակուրդ վայելելու ժամանակ, անգլիացի ֆութպոլի «խենթ» համակիր մը տուն փոխելէ անդին գացած է եւ ծախու հանած է իր տունը` դիտելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք Մոնտիալը:
Սղութիւնը գլուխ առած գացած է: 10 լիթր վառելանիւթը բարձր արժէք ունի, ինչպէս ժամանակին աղուէսի մորթով զգեստ մը կամ ինքնաշարժի մէջ տեղադրուած հեռաձայն մը: Այս օրուան գիներով զարմանալի չէ, որ եւրոպացիներ իրենց տուները կը փոխանակեն արձակուրդի երթալու համար: Լիբանանի մէջ տակաւին զարմանալի կրնայ ըլլալ, բայց ասիկա վերջին ժամանակի նորութիւնն է (թրենտ):
Տունդ ծախու կը դնես, ուրիշին տունը կը փոխադրուիս եւ դրամ կը պահես: «Հոմ էքսչէյնճ» դրութեամբ արձակուրդ վայելել»-ուն գինը 24 տոկոս աւելցաւ Ս. Զատկուան տօնին ընթացքին:
Այս պարագային 62 տարեկան անգլիացի Էնտի Միլնէ այլ տիպար մըն է, որ մաս չի կազմեր «տուն փոխողներուն»: Ան պաշտօնապէս պիտի ծախէ իր տունը Մոնտիալի ճամբորդութեան ծախսերուն հասնելու համար: Ան ֆութպոլի օրինաւոր խենթ մըն է եւ կ՛ուզէ Անգլիան քաջալերել Մոնտիալին:
ՖԻՖԱ-ն եւ Միացեալ Նահանգները, կը փորձեն համակիրներուն գրպանները պարպել չափազանց սուղ տոմսերու գիներով, պանդոկներով եւ փոխադրամիջոցներով:
«Կ՛ուզեմ ամբողջ Մոնտիալը դիտել, եւ ատիկա շատ սուղ պիտի ըլլայ: Ճիշդ ժամանակն է տունը ծախելու եւ դրամ շահելու»: Տան արժէքը մօտ 400 հազար եւրօ է, որ բաւարար պէտք է ըլլայ Ինֆանթինոյի Մոնտիալը դիտելու:
Միլնէ բաւական հռչակ ունի Անգլիոյ մէջ: Ան 10 Մոնտիալներ դիտած է իբրեւ համակիր 9 տղոց եւ 1 աղջկանց խումբերը քաջալերելով: Եւ բոլոր դաշտերուն վրայ ան կը փորձէ մարզիկներուն նման Մոնտիալ մը շահիլ, որ տակաւին երազ կը մնայ 1966-էն ի վեր:
Բայց, սիրելինե՛ր, անհոգ եղէ՛ք, ան անտուն պիտի չմնայ Մոնտիալէն ետք: Հանգսհեան կոչուած նախկին ուսուցիչը Թայլանտ կ՛ապրի տարիներէ ի վեր: Ան պատրաստ է միշտ օգնելու անգլիացի ճամբորդներուն, որոնք կը մեկնին Թայլանտ: Այդ վայրը իրեն համար շատ աւելի կարեւոր կը թուի ըլլալ, քան Անգլիոյ հիւսիսը գտնուող իր տունը: