Ֆութսալ. Եունիսփորթ 100 Տոկոս Արդիւնքով Աւարտեց Բնական Տարեշրջանը

Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի բնական ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ 18 հանգրուաններէ ետք:

Առաջին դիրքը գրաւեց Եունիսփորթ, որ 100 տոկոս յաղթանակով աւարտեց տարեշրջանը: Ալեքսանտր Տիպրիվնիի գլխաւորած խումբը 12-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Աթլեթիք Երեւանը եւ 46 ամբողջական կէտերով աւարտեց ախոյեանութիւնը:

Երկրորդ դիրքը գրաւեց Սիեւնը, որ իր կարգին ծանր պարտութեան մատնեց «Ագրօ» խումբը: Դաւիթ Մանուկեան հեթ-թրիք իրագործեց այս մրցումին, եւ Սիեւն խումբը 42 կէտերով աւարտեց ախոյեանութիւնը:

Երրորդ դիրքը գրաւեց անցեալ տարուան ախոյեան Երեւանը: Խաչատուր Միքայէլեանի սաները վերջին մրցումին կոլերու փառատօն կատարեցին եւ 22-0 արդիւնքով «ջախջախեցին» Վանը: Հանդիպումի գլխաւոր հերոսն էր ախոյեանութեան լաւագոյն կոլ-սքորըր Արթուր Պատատեան, որ 6 կոլ նշանակեց:

Բնական ախոյեանութեան առաջին 8 դիրքերը գրաւող խումբերը հասան փլէյ-օֆ, մինչ Արթուր Պատատեան 16 մրցումներու ընթացքին 57 կոլ նշանակելով դարձաւ ախոյեանութեան լաւագոյն կոլ-սքորըրը:

 

 

 

Leave a Comment