Ամիսներէ ի վեր Պարսելոնա կը մտածէ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիին յաջորդող թեկնածուի մասին:
Բոլորին յայտնի է, որ թիւ 1 թիրախն է Աթլեթիքօ Մատրիտի արժանթինցի յառաջապահ Խուլիան Ալվարես, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու արդէն իսկ բնակարան ալ կը փնտռէ Քաթալոնիոյ մէջ:
Սակայն Ալվարես, որ երկար պայմանագրութիւն ունի Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ մինչեւ 2030, այդքան ալ դիւրին ելք մը չունի: Աթլեթիքօ Մատրիտ շատ լաւ գիտէ Պարսելոնայի նիւթական վիճակը եւ նոյն պահուն Ալվարեսի պայմանագրութեան բոլոր պայմանները, եւ այդ պատճառով ալ 120 միլիոն եւրոյէն նուազ պիտի չպահանջէ իր յառաջապահին փոխարէն:
Ալվարես, որ նախապէս խաղցած է Մանչեսթըր Սիթիի հետ, կը փափաքի մնալ Սպանիա, հակառակ անոր որ Լոնտոնի Արսենալն ու Լիվըրփուլը հետաքրքրական յայտնած էին արժանթինցի յառաջապահը միացնելու, որ Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ այսօր պիտի մրցի Արսենալի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականին գծով: Ան 47 մրցումներ կատարած է այս տարեշրջանին` նշանակելով 19 կոլ եւ 9 էսիսթ: