Սերպիոյ ֆութպոլի գլխաւոր տերպիի մրցումին, Կարմիր Աստղ Պելկրատ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Փարթիզան Պելկրատը եւ ախոյեանութեան աւարտէն 4 հանգրուան առաջ արդէն իսկ ապահովեց ախոյեանի տիտղոսը:
Տեյան Սթանքովիչի համար այս նուաճումը առանձնայատուկ էր: Սերպ մասնագէտը 2024-ի մայիսէն կը գլխաւորէր Մոսկուայի Սպարտակը, բայց ձմրան փոխանցումներու պատուհանի բացման ժամանակ լքեց Մոսկուան եւ միացաւ Կարմիր Աստղ Պեկրատին, այնպիսի պահու մը, երբ սերպական ակումբը վատ օրերու մէջ կը գտնուէր: Այդ ժամանակ Փարթիզան 1 կէտի առաւելութեամբ կը գրաւէր առաջին դիրքը: Սակայն ճիշդ մօտեցման շնորհիւ պատկերը փոխուեցաւ, եւ այժմ Կարմիր Աստղ 82 կէտ ունի եւ 17 կէտի առաւելութիւն` Փարթիզանի վրայ:
Հայաստանի ազգային խումբի յետսապահ Նայիր Թիկնիզեան իր կարգին մասնակցեցաւ այս մրցումին, որ 26 տարեկան հայ ֆութպոլիստին համար առաջին տիտղոսն էր սերպական ակումբին հետ:
Նշենք, որ Թիկնիզեան վերջին անգամ 2018-2019 տարեշրջանին տիտղոս մը շահած էր, երբ Մոսկուայի բանակայիններու խումբը Ռուսիոյ գերբաժակը շահած էր:
Կարմիր աստղի այս տիտղոսը 37-րդն էր իր պատմութեան ընթացքին, իսկ 9 յաջորդական տարիներէ ի վեր ան կը շահի Սերպիոյ ախոյեանութիւնը: