Երկու անգամ Ռոլան Կարոսի թենիսի մրցաշարքի ախոյեան Քարլոս Ալքարաս դաստակը վիրաւորած է եւ պիտի բացակայի այս տարուան Ռոլան Կարոսի թենիսի մրցաշարքէն:
Հողով ծածկուած միակ կրան-շլեմի թենիսի մրցաշարքը, որ պիտի սկսի 18 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ առանց տղոց ախոյեանին, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի ամբողջացնէ իր 23-րդ տարեդարձը, անցեալ յունուարին շահելէ ետք Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը դարձած էր տղոց պատմութեան ամէնէն երիտասարդ թենիսմենը, որ կը շահէր կրան շլեմի բոլոր մրցաշարքերը:
Ան 2022-էն ի վեր կրցած է շահիլ 7 կրան շլեմի մրցաշարք` Եու. Էս. Օփընը (2022 եւ 2025), Ուիմպըլտընը (2023 եւ 2024), Ռոլան Կարոսը (2024 եւ 2025) եւ, ինչպէս նշեցինք, Աւստրիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը (2026):
Անոր վերջին տարիներու մրցակիցը` իտալացի Եանիք Սինըր, այժմ թիւ 1 դիրքը կը գրաւէ (անցեալ շաբթուան դասաւորման մէջ) եւ յոյս ունի օգտուելու Ալքարասի բացակայութենէն` շահելով Ռոլան Կարոսը:
Սինըր իր կարգին պէտք է շահի Ռոլան Կարոսը` զայն աւելցնելու իր կրան շլեմի տիտղոսներուն` Աւստրալիոյ (2024 եւ 2025), Ուիմպըլտընի (2025) եւ Եու. Էս. Օփընի (2024):
24 տարեկան Սինըր անցեալ տարի 5 ժամ 30 վայրկեան պայքարէ ետք եւ առաջին 2 սեթերը յաղթելէ ետք կորսնցուցած էր Ռոլան Կարոսի աւարտականը Ալքարասի դէմ: