Ըստ Իսրայէլեան Բանակի Ձայնասփիւռի Կայանին. Մոսատը Ձախողութեան Մատնած Է Ազրպէյճանի Մէջ Քարիւղի Խողովակաշար Մը Եւ Իսրայէլի Դեսպանատունը Թիրախաւորելու Իրանեան Ծրագիր Մը

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Մոսատը ձախողութեան մատնեց Ազրպէյճանի մէջ քարիւղի խողովակաշարի մը եւ իսրայէլեան դեսպանատան վրայ յարձակում գործելու իրանեան ծրագիր մը»:

Պաքուի մէջ իրանեան դեսպանատունը կտրուկ կերպով մերժեց Իսրայէլի ապահովական ու զինուորական հաստատութիւններուն կողմէ «վերջերս հրապարակուած պնդումները», թէ Իրանի առնչուած անհատներ ու հաստատութիւններ կը ծրագրեն կարգ մը երկիրներու, ներառեալ Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի շահերուն դէմ քայլեր առնել:

«Այս պնդումներուն նպատակը Իրանի եւ դրացի երկիրներուն, մասնաւորաբար Ազրպէյճանի միջեւ պառակտում եւ թշնամանք ստեղծելն է», նշեց դեսպանատունը:

Դեսպանատունը Նախիջեւանի վրայ «կասկածելի» յարձակումներուն, եւ Կասպից ծովուն մէջ նաւահանգիստներու ենթակառոյցներուն դէմ յարձակումները նկատեց շրջանին մէջ ծովային ու օդային ուղիներու կայունութիւնը քայքայելու եւ տնտեսական աշխատանքները խոչընդոտելու իսրայէլեան օրակարգ:

«Անհրաժեշտ է զգօն ըլլալ եւ դէմ դնել ահաբեկչական սիոնական գոյացութեան սադրանքներուն եւ խափանարարական արարքներուն, որոնց նպատակն է Իրան-Ազրպէյճան բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւններուն վրայ ազդել», նշեց Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանատունը:

Leave a Comment