«Ֆորմիւլա 1». Համաձայնութիւն Կնքուեցաւ Աւելի Զօրացնելու Ինքնաշարժները

Երկուշաբթի օր «Ֆորմիւլա 1»-ի վարչական պատասխանատուներ ժողով մը ունենալէ ետք «Ֆորմիւլա 1»-ի խումբերու եւ սեփականատէրերու հետ համաձայնեցան աւելի զօրացնելու ինքնաշարժները:

Այս տարեշրջանին մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած էին «Ֆորմիւլա 1»-ի ինքնաշարժները, ուր ուժը բաժնուած էր 50 տոկոս վառելանիւթի եւ 50 տոկոս ելեկտրական (բարդի ուժով) ձեւով:

Վարորդները ընդհանրապէս դժգոհ էին, երբ առաջին երեք կրան փրիներուն նկատած էին, թէ արագ դարձուածքներուն վրայ իրենք կը ստիպուէին ինքնաշարժին վառելանիւթին վստահիլ բարդը վերստին լեցնելու նպատակով, այդ պատճառով ալ ինքնաշարժը կը դանդաղէր:

Ինքնաշարժին մեքենան ինքնաբերաբար ուժը կ՛առնէր բարդէն եւ ոչ թէ վառելանիւթէն եւ ինքնաշարժը բնականաբար կը դանդաղէր նոյնիսկ եթէ վարորդը իր ոտքը տակաւին նոյն դիրքին վրայ պահած ըլլար:

«Էֆ. Այ. Էյ.», որ «Ֆորմիւլա 1»-ի պատասխանատու մարմինն է, առցանց ժողով մը ունեցած է 11 խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ, ուր «Ֆորմիւլա 1»-ի վարչութիւնը առիթ տուած է բարելաւումներ կատարելու բոլոր խումբերուն համար:

Մայեմիի յաջորդ մրցումէն իսկ խումբեր կրնան բարեփոխումներ կատարել: Ինքնաշարժներ 7 անգամ առիթ պիտի ունենան իրենց բարդերը լեցնելու եւ ոչ 8 անգամ, որպէսզի անակնկալ ձեւով չդանդաղին ինքնաշարժները, մինչ բարդը պիտի ընծայէ 350 քիլոուաթ ուժ եւ ոչ թէ 250 քիլոուաթ` ձեւով մը լեցնելու գործն ալ աւելի արագ դարձնելով:

 

Leave a Comment