«Ֆութպոլ Միթց Տաթա» վերլուծական հարթակին համաձայն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի այս տարեշրջանին եօթը ակումբներ արդէն իսկ գերազանցեցին 100 միլիոն եւրոյի սահմանը` իբրեւ պարգեւավճար:
Կիսաւարտականի հանգրուան հասնելով` Պայերն Միւնիխ ակումբը եկամուտներու ցուցանիշով առաջին դիրքը գրաւած է: Բ. դիրքը կը գրաւէ Լոնտոնի Արսենալը` 124,7 միլիոն եւրոյով, մօտ 2,6 միլոն եւրոյով ետ մնալով Պայերնէն:
Անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ պիտի մրցի Պայերն Միւնիխի դէմ, արդէն իսկ 120,9 միլիոն եւրօ ապահոված է:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 100 միլիոն եւրոյի սահմանը կտրած եօթը խումբերու ցանկը.
1.- Պայերն Միւնիխ (Գերմանիա) 127,3 միլիոն եւրօ
2.- Արսենալ (Անգլիա) – 124,7 միլիոն եւրօ
3.- Փարիզ Սեն Ժերմեն (Ֆրանսա) – 120,9 միլիոն եւրօ
4.- Լիվըրփուլ (Անգլիա) – 109,5 միլիոն եւրօ
5.- Աթլեթիքօ Մատրիտ (Սպանիա) – 104,2 միլիոն եւրօ
6.- Ռէալ Մատրիտ (Սպանիա) – 102,6 միլիոն եւրօ
7.- Պարսելոնա (Սպանիա) – 100,3 միլիոն եւրօ
Նշենք, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի իւրաքանչիւր մասնակից «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն իբրեւ երաշխաւորուած վճառ կը ստանայ 18,6 միլիոն եւրօ: Պարգեւավճարներու մնացեալ մասը կը հաշուի ակումբներու արձանագրած արդիւնքներուն եւ լրացուցիչ դիրքերուն համաձայն: Այդ ցուցանիշներու մաս կը կազմէ նաեւ պատկերասփիւռի մարզը չափող որոշիչ շուկան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի բաժակներու գծով ակումբներուն արձանագրած արդիւնքները վերջին 5 եւ 10 տարիներուն ընթացքին: