Լիբանան Եւ Հայաստան. Երկու Անորոշ Վիճակ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ հանգրուանը պիտի իրականանա՞յ, թէ՞ ոչ: Միացեալ Նահանգներ լաւատես տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, կը դիմեն խանգարիչ արարքի մը (Իրանի ծովային պաշարման) եւ կը սկսին գործածել ծայրայեղօրէն սպառնալից խօսելաձեւ: Լաւատեսական տեղեկութիւնները եթէ արդիւնք են Իրանի կողմէ կատարուած զիջումներու, ինչո՞ւ յանկարծակի կը փոխուին դրական նախատեսութիւնները, եւ կը հեռանայ համաձայնութեան կարելիութիւնը: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներ ոչ թէ կը բանակցին, այլ կը փորձեն հնարաւոր բոլոր միջոցներով իրենց պայմանները պարտադրել, առանց նոյնիսկ ձեւական կամ խորհրդանշական զիջումներու: Հասնիլ Իրանի նուաստացման: Բանակցութիւնները, որոնց համար կ՛ըսուի, որ նպաստաւոր պայմանները արդէն համաձայնեցուած են, պիտի կայանա՞ն եւ համաձայնագիր պիտի ստորագրուի՞. կ՛իմանանք շուտով:

Իրանի դէմ պատերազմ մղեցին Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը միասնաբար, Իսրայէլ բանակցութիւններուն ուղղակի մասնակից չէ. մեծն Ամերիկան իր կողմէ եւս կը խօսի: Եթէ ստորագրուած համաձայնագիրը չհամապատասխանէ Իսրայէլի պատերազմական նպատակներուն, ան պիտի ընդունի՞ վերջ տալ հակամարտութեան եւ խաղաղութիւն շնորհել հեռու եւ մօտիկ հարեւաններուն:

Մօտիկ հարեւաններէն ամէնէն աւելի շահագրգիռը Լիբանանն է: Կառավարութիւնը որոշած է Իսրայէլի հետ հարցերը լուծել ուղղակի բանացութիւններու միջոցով: Աննախընթաց այս որոշումը կը հովանաւորուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպաններու առաջին հանդիպումէն ետք, մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին, երկրորդ հանդիպում մը ծրագրուած է հինգշաբթի, 23 ապրիլին: Այս հանդիպումները նախապատրաստական բնոյթ ունին եւ կը կազմակերպեն պաշտօնական պատուիրակութիւններու միջեւ բանակցութիւնները, որոնք պէտք է յանգին վերջնական համաձայնութեան գոյացման եւ խաղաղութեան հաստատման: Իսրայէլ կը շարունակէ քանդել ամբողջ գիւղեր իր հիւսիսային սահմանին յարակից տասը քիլոմեթր խորութեամբ շրջանի մը մէջ, զայն վերածելով անմարդաբնակ «ապահովութեան գօտիի»: Կրնա՞յ խաղաղութիւն հաստատուիլ նման պայմաններու տակ: Կայ նաեւ Հըզպալլայի ամբողջական զինաթափման պահանջը, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ ցանկալի, սակայն դժուար իրագործելի նպատակ է:

Լիբանանի, Իրանի, Իսրայէլի եւ շրջանի երկիրներու անապահով կացութիւնը եւ այդ կացութեան փոփոխութեան սպասումը չեն վարագուրեր հայաստանեան իրողութիւնները: Իշխանաւոր Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարին` Նիկոլ Փաշինեանի նախընտրական արշաւը սկսաւ ընտրութեան թուականէն (7 յունիս) եւ ընտրարշաւի պաշտօնական (օրինական) ժամկէտէն առնուազն երկու ամիս առաջ: Նախապատրաստական այս արշաւը կը յատկանշուի Հայաստանի մարզեր այցելութիւններով եւ բնակչութեան հետ շփումներով: Այցելութիւններուն զուգահեռ առաջ կը տարուի քարոզչական անպարկեշտ արշաւ մը, որուն նպատակը ընդդիմադիր խմբակցութիւնները վարկաբեկել է: Ով դէմ է գործող իշխանութիւններուն` օտարի (Ռուսիոյ) գործակալ է, կողմնակից է «միութենական պետութեան», կ՛ուզէ Հայաստանը վերածել «կուպերնիայի» (կառավարչութեան), հիպրիտային պայքար կը մղէ Հայաստանի անկախութեան դէմ, դէմ է խաղաղութեան, եւ այն, եւ այլն…: Նախընտրական նման մթնոլորտի ստեղծումը նպատակ ունի հանրային կարծիքը շեղեցնել դէպի լուսանցքային եւ յաճախ անգոյ խնդիրներ, արգիլելու համար քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, ապահովական իրական խնդիրներու քննարկումը: Անգամ մը եւս հրապարակ կը նետուի, այժմէն, նիւթական շատագրգռութեամբ քաղաքացիներու քուէները գնելու դատապարտելի երեւոյթը: Պէտք է յուսալ, որ ընտրութեան մասնակից քաղաքական ուժերը չեն խոտորիր լարուող ծուղակներուն մէջ եւ օրինական արշաւին կը հաղորդեն Հայաստանի քաղաքական կարիքներէն բխած ուղղութիւն:

Յունիս 7-ին Հայաստանի ընտրողները քաղաքական դաշտը պիտի մաքրեն աւելի քան եօթը տարիներէ ի վեր զայն պատեհապաշտական ասպարէզի վերածած անպատասխանատուներէն:

 

 

Leave a Comment