«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Քլիվլենտ Քեվելիրզ 115-105 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թորոնթօ Ռեփթըրզին, 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ:

Տոնավըն Միչել 30 կէտ նշանակեց եւ Ճէյմս Հարտըն 28 կէտ աւելցուց Քլիվլենտի հաշուոյն, մինչ Սքոթի Պառնզ 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թորոնթոյի, որ առաջին մասէն արդէն 7 կէտերով ետ մնաց եւ չկրցաւ հասնիլ Քլիվլենտի:

Նիւ Եորք Նիքս շատ կարեւոր մրցում մը պարտուեցաւ մանաւանդ վերջին մասին 10 կէտի առաւելութիւն (93-83) ունենալէ ետք Աթլանթա Հոքսի վրայ: Ան 1 կէտով կորսնցուց 106-107 արդիւնքով:

Վերջին վայրկեանը շատ «տաք» էր: Երբ Նիւ Եորք 100-99 արդիւնքով կը յառաջանար, Աթլանթա կրցաւ յառաջանալ 100-103, բայց Նիւ Եորք վերստին 3 կէտնոց կողովով կրցաւ հաւասարիլ 103-103: Աթլանթա 4 կէտերով յառաջացաւ, բայց Նիւ Եորքի վերջին 3 կէտնոց կողովը չօգնեց հասնելու, եւ ան պարտուեցաւ 106-107 արդիւնքով:

Այժմ ճակատումներ հաւասարեցան, եւ յաջորդ երկու մրցումները պիտի հիւրընկալէ Աթլանթան:

Երէկուան վերջին մրցումին, 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց իր դաշտին վրայ 114-119 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզէն: Մրցումը լաւ սկսելէ ետք, Տենվըր առաջին մասին յառաջացաւ 39-25 արդիւնքով եւ մինչեւ Բ. մասի սկիզբը 19 կէտերու բարձրացուց իր առաւելութիւնը: Սակայն պայքարող Անթոնի Էտուըրտծի գլխաւորութեամբ Մինեսոթա ինքզինք գտաւ եւ ոչ միայն մօտեցաւ, այլ նաեւ կրցաւ վերջին մասին ինքզինք պարտադրել եւ յաղթել 119-114 արդիւնքով` ճակատումներու արդիւնքն ալ հաւասարեցնելով 1-1-ի:

Էտուըրտծ 30 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ իր խմբակից Ճուլիըս Ռենտըլ 24 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Նիքոլա Եոքիչ 24 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տենվըրի, որուն քանատացի մարզիկ Ժամալ Մարէյ 30 կէտ աւելցուց, բայց խումբը նոյնքան պայքարի ոգի չցուցաբերեց, որքան Մինեսոթան, որ այժմ պիտի հիւրընկալէ 2 յաջորդող մրցումները:

Leave a Comment